ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանի կարծիքով, ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի (ԱՄԱ) որոշումը Քոսովոյի անկախութեան վերաբերեալ, ողջունելի է՝ Լեռնային Ղարաբաղի շահին եւ համաշխարհային արդարութեան տեսանկիւնէն:
Միջազգային ատեանը Յուլիս 22ին յայտարարեց, որ 2008 թուականին Քոսովոյի Սերպիայէն անկախութեան միակողմանի հռչակումը չի խախտեր միջազգային իրաւունքը:
Ձարդ Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչցած է 69 երկիր: Ռուսիան ու Սերպիան դէմ եղած են Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման: Թէեւ Լա Հէյի դատարանին որոշումը պարտադիր ուժ չունի, այլ խորհրդատուական բնոյթ ունի, սակայն փորձագէտներն ու քաղաքական գործիչները կասկած չունին, որ նման որոշում քաղաքական լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ:
Միջազգային դատարանի հրապարակած վճիռով, ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, Հայաստան կը ստանայ նոր գործիք՝ հնարաւորութիւն՝ Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման համար:
«Կոսովոյի անկախութեան վերաբերեալ վճիռը համարում եմ ողջունելի: Այնտեղ յստակ ասուած է, որ ինքնուրոյն կերպով, միակողմանի անկախութիւն յայտարարելը չի կարող դիտուել անօրինական: Անկախութեան հռչակումն օրինական է, ուրեմն օրինական է նաեւ բոլորի համար: Դրա համար, ի հարկէ, համապատասխան նախադրեալներ պէտք է լինեն: Իսկ այդ նախադրեալները Լեռնային Ղարաբաղն ապահովել է, եթէ ոչ աւելին, քան Կոսովոն, ապա առնուազն, ոչ պակաս: Ղարաբաղն անկախացել է օրէնքի ուժով», յայտնեց Վ. Յովհաննիսեան երէկ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Այն հարցումին, թէ Հայաստան, ղարաբաղեան հարցի կապակցութեամբ կրնա՞յ նոյնպէս դիմել միջազգային դատարան, Վ. Յովհաննիսեան պատասխանեց՝ ըսելով, որ Քոսովոյի պարագային դատարան դիմած էր Սերպիան, երբ 60է աւելի երկիրներ արդէն ճանչցած էին Քոսովոյի անկախութիւնը: Ղարաբաղեան հարցի պարագային, պէտք է դատարան դիմէ Ատրպէյճանը, որ, ըստ Վ. Յովհաննիսեանի, երբեք նման քայլի պիտի չերթայ: Ատրպէյճանը ղարաբաղեան հարցի լուծման այլ միջոցներ կը կիրառէ: Ըստ ՀՅԴ գործիչին, ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացին կապակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ ինչ մօտեցում ալ կիրառուի, կը նշանակէ, որ Հայաստան պէտք է նոր քաղաքականութիւն մշակէ:
Յովհաննիսեան անդրադարձաւ նաեւ ՀՅԴի յառաջիկայ ծրագիրներուն: Ան նշեց, որ ամառը նախապատրաստական շրջան կը համարուի՝ աշնան աշխոյժ գործունէութիւն իրականացնելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.