ՋԱՒԱԽՔ, «ՓանԱրմինիըն».- Երեւանի մէջ Յուլիս 22ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ, «æաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեան յայտնած է, թէ æաւախքի մէջ Վրաստանի ղեկավարութիւնը կ՛իրագործէ հայաթափման նոր քաղաքականութիւն, որ «սպիտակ ցեղասպանութիւն է»: Ըստ անոր, Թիֆլիսի մէջ արդէն հաստատուած է æաւախքի հայկական դպրոցներու ուսումնական նոր տարուան ծրագիրը, որուն մէջ հայոց լեզուի ու գրականութեան ժամերը կրճատուած են 2 անգամով, եւ իբրեւ հետեւանք, հայոց լեզուի դասաժամերը, խորհրդային շրջանին համեմատ, կրճատուած են 5 անգամով, իսկ յետխորհրդային շրջանին համեմատ՝ 2 անգամով:
Ըստ Թորոսեանի, Վրաստանի իշխանութիւններու առած այս քայլին նպատակն է՝ հայոց լեզուին դուրս մղումը æաւախքէն, ինչ որ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու կոպիտ խախտում է: «Վրաստանի ղեկավարութեան հակահայկական քաղաքականութիւնը անցնում է բոլոր սահմանները», յայտարարած է պատգամաւորը:
Անոր խօսքով, անընդունելի այլ երեւոյթ է նաեւ Վրաստանի յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ կազմուած հայոց լեզուի ու պատմութեան ուսուցիչներուն ցուցակը. ուսուցիչներ անպատճառ կը զրկուին աշխատանքէ: «Նրանց նոյնիսկ արգելւում է աշխատել մէկ այլ պաշտօնում Վրաստանում», ըսած է Թորոսեան՝ աւելցնելով, որ նման գործողութիւնները ուղղուած են ջաւախքահայութեան ազգային նկարագիրի աղճատման: «Այս պահի դրութեամբ, æաւախքում այնպիսի հետապնդումների համակարգ է ներդրուել, ինչպիսին չկար նոյնիսկ խորհրդային տարիներին՝ Ստալինի օրօք», ըսած է ան:
Շիրակ Թորոսեանի հաւաստումով, հայկական կողմը պէտք է վրաց իշխանութիւններուն հետ հանդիպումներու ընթացքին արծարծէ ջաւախքահայութեան խնդիրները: «Այսինք, դարձնի այդ հարցը երկկողմ օրակարգի հիմնական հարցերից մէկը: Ես յոյսով եմ, որ Վրաստանի իշխանութիւններն, ի վերջոյ, նոյնպէս կը հասկանան, թէ ի՛նչ աղէտալի հետեւանքներ կարող է ունենալ այդ քաղաքականութիւնը Վրաստանի համար», յայտնած է Թորոսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.