ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան, անդրադառնալով Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռին՝ յայտնեց, որ «Առկայ են բոլոր իրաւական հիմքերը, որպէսզի Հայաստանը (քաղաքական կամքի առկայութեան դէպքում) ճանաչի ԼՂ անկախութիւնը, եւ դիմի այլ պետութիւնների, որպէսզի նրանք եւս ճանաչեն ԼՂ անկախութիւնը, առանց մտավախութեան, որ այսպիսով միջազգային իրաւունքին հակասող քայլ են անում»:
Ըստ Մանոյեանի, դատարանին վճիռը կրնայ դրական նշանակութիւն ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին ուղղութեամբ:
«Այն երկրները, որոնք ճանաչել են Կոսովոն, եւ այն երկրները, որոնք ճանաչել են Հարաւային Օսիան (Օսէթիա) եւ Աբխազիան, նոյն բանն են ասել իրենց այդ ճանաչումներով: Միջազգային դատարանն էլ, իր հերթին ասում է, որ Կոսովոյի նախադէպը չի հակասում միջազգային իրաւունքին, իսկ այդ իրաւունքում չկայ անկախութեան հռչակման ոչ մի արգելք», յայտնեց Մանոյեան՝ ընդգծելով նաեւ, որ եթէ Լա Հէյի դատարանին վճիռը կիրառելու ըլլանք Ղարաբաղի պարագային, ապա Ատրպէյճանի համաձայնութեան կարիքը ընդհանրապէս չի զգացուիր Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման համար:
Մանոյեանի կարծիքով, Հայաստանի դիւանագիտութիւնը՝ բոլոր մակարդակներով, ինչպէս նաեւ քաղաքական-հասարակական կազմակերպութիւնները, ԼՂՀ ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մէջ պէտք է նշեն, թէ Ղարաբաղը ոչ միայն միջազգային իրաւունքի, այլ նաեւ նախկին Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն համաձայն, դուրս եկած է Ատրպէյճանի կազմէն, եւ ուրեմն պէտք է ճանչնալ այդ փաստը:
Ըստ Մանոյեանի, Քոսովոյի անկախութեան ճանաչումով պէտք չէ պայմանաւորել Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը:
«Նիուզ» լրատու գործակալութեան թղթակիցի այն հարցումին, թէ ներկայ իրավիճակին մէջ Հայաստանի կողմէ ԼՂի անկախութեան ճանաչումը կրնա՞յ նպաստաւոր ազդեցութիւն ունենալ ԼՂի բանակցային գործընթացին վրայ, Մանոյեան արձագանգեց. «Հայաստանի կողմից ԼՂի «տէ-ժիւրէ» (իրաւականօրէն-Խմբ.) ճանաչումը աւելի շատ բանակցային գործընթացի իրավիճակից է կախուած: Այսինքն, եթէ բանակցութիւնները մտնեն փակուղի, դիցուք՝ Ադրբեջանը յայտարարի, որ չի ընդունում խնդրի կարգաւորման սկզբունքները, ապա մենք էլ, որպէս իրավիճակին համարժէք քայլերից մէկը, կարող ենք ճանաչել ԼՂն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.