ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Վերջին 50 տարիներուն ընթացքին, արեւէն ուժ քաղելու մարզին մէջ յատկանշական յառաջդիմութիւններ արձանագրուած են: Անկէ լաւապէս օգտուելու կարելիութիւնները քննելու նպատակով, Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը կազմակերպած է աշխատաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն 10:
Աշխատաժողովին ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան արեւային ուժանիւթի մարզի մասնագէտներ դոկտ. Փիթըր Գէորգեան, Վահան Կարպուշեան, Ուիլեըմ Կլաուզ եւ Սեւան Վարդերեսեան, որոնք ուժանիւթին մասին ընդանուր տեղեկութիւններ փոխանցելու կողքին պիտի խօսին նաեւ պետական նոր օրէնքներու եւ նման ուժանիւթի օգտագործումը քաջալերելու նպատակով որդեգրուած կառավարական օժանդակութիւններուն մասին:
Աշխատաժողովը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի «Փարսընզ» շէնքին «Քլինթ» սրահին մէջ (100 W. Walnut Street, Pasadena, CA 91124):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.