ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2010ի ամառնային վարժողական ծրագիրը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է:
Վարժողական սոյն ծրագիրին կը մասնակցին երկրորդական վարժարաններէ երեք ուսանողներ՝ Նայիրի Ամիրխանեան, Անի Նազարեան եւ Քրիսթինա Ռոսթամի:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլեն Ասատրեան կը յայտնէ, թէ վարժողական այս ծրագիրին ընթացքին մասնակիցները իրենց բաժինը պիտի բերեն յանձնախումբի ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներու կազմակերպման, ու աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան քաղաքական գործելաոճին ու համայնքի գործունէութեան:
Հայ քոյրերու վարժարանի շրջանաւարտ եւ ներկայիս Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանի աշակերտ Նայիրի Ամիրխանեան գործօն անդամ է Հայ ուսանողներու միութեան եւ կամաւոր աշխատանք կը կատարէ զանազան կազմակերպութիւններէ ներս: Ան նաեւ նախկին անդամ մըն է ՀԵԴի:
Անի Նազարեան «Քլարք» երկրորդական վարժարանի 11րդ կարգի ուսանող է եւ նմանապէս անդամ է Հայ ուսանողներու միութեան, որուն նախագահը ընտրուած է ան 2010-2011 տարեշրջանին համար: Ան եւս կամաւոր աշխատանք կը կատարէ զանազան կազմակերպութիւններէ ներս:
Քրիսթինա Ռոսթամի Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի ուսանող է եւ հոն խորհրդատուական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ ուսանողներուն, նաեւ անդամ է Հայ ուսանողներու միութեան:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ աշնանային վարժողական ծրագիրին դիմելու պայմանաժամը Սեպտեմբեր 1, 2010ն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.