ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Երեքշաբթի, Յուլիս 13ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարը յայտարարած է, թէ Թուրքիա եւ Իրան Իրանի հարաւային Ֆարս շրջանին մէջ, բնական կազի շահագործման համար, դեռ ամբողջական համաձայնութիւն մը չեն գոյացուցած։ «Հարաւային Ֆարս շրջանին վերաբերեալ համաձայնութեան բոլոր մանրամասնութեանց շուրջ համաձայնութիւն չենք գոյացուցած», Անգարայի մէջ լրագրողներու ըսած է Թաներ Եըլտըզ։
Եըլտըզ նաեւ ըսած է, որ անցեալ շաբաթ Իրանի նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալի Աղա Մոհամատիի հետ խօսած է երկու երկիրներուն միջեւ միացեալ ծրագիրներու, ներառեալ Հարաւային Փարս շրջանի ծրագիրին մասին։
Ան նշած է, որ Թուրքիա առայժմ Իրանէն իր գնած բնական կազի քանակը բարձրացնելու նպատակ չունի։
Թուրքիա եւ Իրան Նոյեմբեր 2008ին, Իրանի կազի դաշտերը զարգացնելու եւ իրանեան կազը Եւրոպա փոխադրելու վերաբերեալ լայնածաւալ համաձայնութիւն մը ստորագրեցին։
Համաձայնութիւնը Իրանի Հարաւային Ֆարս շրջանի ծովեզերքին մօտ գտնուող կազի երեք հանքերու մշակման իրաւունքը կու տայ Թուրքիոյ։
Ըստ համաձայնութեան Թուրքիա օրական 46 միլիոն խորանարդ կազ պիտի արտադրէ եւ կրնայ այդ քանակին կէսը իր կարիքներուն համար օգտագործել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.