ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի սփիւռքին հետ կապերու պետական յանձնախումբի նախագահ Նազըմ Իպրահիմով, «news.az»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ ներկայիս աշխոյժ գործունէութիւն ունեցող ատրպեճանական սփիւռքը սկսած է իր ձայնը լսելի դարձնելու այդ երկիրներուն մէջ:
Ան դրուատած է այդ աշխատանքը համակարգող կազմակերպութիւնները, որոնց շնորհիւ, ատրպէյճանցիները սկսած են մասնակցելու իրենց բնակած երկիրներու քաղաքական կեանքին:
«Ատրպէյճանցիները սկսած են թեկնածուներ առաջադրելու: Կը կարծեմ, որ մօտիկ ապագային, ատրպեճանական սփիւռքը, Ատրպէյճանի կողմէ տրամադրուած զօրակցութեամբ՝ պիտի կարողանայ իր խօսքը ունենալ ընտրովի մարմիններուն մէջ», ըսած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.