ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Մեր տգէտ եւ վատասերած կեանքին մէջ աղաւաղուել է քաղաքական կռուի գաղափարը, կռուի շիտակութեան սկզբունքը»
Սիմոն Զաւարեան
«Բիւթանիա», 12 Յունուար 1913
Իրարու քով գալու, տեսակէտներ փոխանակելու, ի հարկին վիճելու եւ, ի վերջոյ, մեզ համախմբող մօտեցումներն ու հակադրող ուղղութիւնները յստակացնելու եւ ըստ այնմ կողնորոշուելու փոխարէն, հայ քաղաքական միտքը կը շարունակէ պատանդ մնալ մեր ժողովուրդը անհաշտ ճամբարներու բաժնող եւ թշնամական դիրքերէ զիրար միայն քարկոծող ամբոխային տրամաբանութեան ձեռքը։
Հակառակ մեր օրերուն իր դրսեւորած անարդարանալի մոլեգնութեան եւ առաջացուցած գաղափարական հեղձուցիչ մթնոլորտին, սակայն, հայ իրականութեան համար նորայայտ երեւոյթ չէ կուսակցական պայքարի այլասերած ու աղճատուած եղանակը։
Ըստ ամենայնի եւ ըստ էութեան կուսակցակա՛ն պայքար է եղածը՝ թէեւ առ երեւոյթ կամ անուանապէս կը ներկայանայ անկուսակցական պիտակներով ու երանգներով։ Ամբոխավարօրէն երդում- պատառ կ՛ըլլայ յանուն հայկական ազգայնականութեան, հայու ցեղակրօնութեան, Ազգն ու Հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու պահպանողականութեան եւ Պետութիւնն ու Ղեկավարը պաշտամունքի պատուանդանին վրայ միշտ բարձր պահելու գաղափարականութեան։ Բայց միաժամանակ ամէն կարգի մաղձ կը թափէ եւ հայ քաղաքական մտքի գաղափարական ընդհանուր աւազանը թունաւորել կը փորձէ՝ կուսակցութիւնները հռչակելով իբրեւ Ազգի պառակտման պատճառը, կուսակցական ինքնահաւատարմութիւնը մեղադրելով իբրեւ հատուածապաշտութիւն, իսկ կուսակցական պայքարները արատաւորել փորձելով իբրեւ աթոռակռիւ՝ իշխանատենչ խմբաւորումներու միջեւ…
Տպագիր մամուլի էջերէն մինչեւ եթեր եւ էլեկտրոնային պաստառներ, ամէնուր մոլեգնած է ամբոխային տրամաբանութիւնը ընդդէմ կուսակցականութեան։ Եւ որովհետեւ 21րդ դարու երկրորդ տասնամեակի սկզբնաւորութեան ալ Դաշնակցութիւնը տակաւին կանգուն կը մնայ պատնէշի վրայ՝ գաղափարական վերաթարմացման եւ երիտասարդացման բացայայտ կենսունակութեամբ, ամբոխային տրամաբանութեան նորօրեայ մոլեգնումին թիրախը դարձեալ Դաշնակցութիւնն է։
Խորհրդային «ժառանգութիւն»ը անշուշտ զգալի է հակակուսակցական եւ հակադաշնակցական մերօրեայ բորբոքումներուն մէջ։ Այսուհանդերձ՝ ճշմարտութեան եւ արդարութեան սիրոյն պէտք է ընդգծել, որ մինչ խորհրդայիններու օրով երեւութապէս անկուսակցական, բայց էապէս կուսակցակա՛ն պայքարը կը կեդրոնանար Դաշնակցութեան քաղաքական կողմնորոշումներուն եւ գաղափարական արեւելումներուն դատապարտումին եւ խծբծանքին վրայ, մերօրեայ հակակուսակցականութեան նորագիրները այդ «ժառանգութեան» վրայ կը գումարեն Դաշնակցութեան Բարոյական Շէնքին դէմ ուղղուած իրենց… քարկոծումները։
Արդէն կը յանդգնին վարկաբեկման փորձի թիրախ դարձնել Քրիստափորն ու «Փոթորիկ»ը՝ իբրեւ «տեռորիստական դրամաշորթութեան» օրինակներու… Կամ՝ Սիմոն Վրացեանի անձն ու վաստակը արատաւորել կը փորձեն իբրեւ «հրէածին մասոնի»…
Հակադաշնակցական պայքարի այդ նորընծաներու ջաղացքին ջուր հոսեցնելու նպատակին պիտի ծառայէ, անկասկած, նման անհեթեթութիւններու եւ օրինակներու թւումը։ Կարեւորը ա՛յն է, որ խորհրդային դարաշրջանին փականքի տակ պահուած արխիւները հանրամատչելի են այսօր, իսկ Դաշնակցութեան դէմ գաղափարական պայքարը շարունակելու նոր երդում կատարած այս սկսնակները կը դիմեն իւրովի «բացայայտումներ»ու, որոնք կը յաւակնին մտքեր պղտորել եւ հարուածի տակ դնել Դաշնակցութեան բարոյական անխոցելիութիւնը։
Ազգային յիշողութիւն ունեցող հայ մարդիկ անշուշտ գիտեն, նոյնիսկ Դաշնակցութեան հետ աղերս չունեցող կամ ընդդիմախօս դիրքերու վրայ կանգնած անկուսակցականներն ու տարբեր կուսակցութեանց պատկանող գործիչները անպայման կը գիտակցին, որ Դաշնակցութիւնը երբեք չէ յաւակնած անսխալական ըլլալու «դափնեպսակին»։ Ընդհակառակն՝ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ընդունած է, թէ կրնայ քաղաքական սխալներ գործել, բայց երբեք չէ խուսափած ազգային իր պատասխանատուութիւններէն, միշտ անսակարկ անձնուիրութեամբ նետուած է Ազգի, Հայրենիքի եւ Հայոց Պետականութեան պաշտպանութեան կռուին մէջ, յառաջապահի դրօշը կեանքի գնով բարձր պահելով։
Եւ ճիշդ բարոյական այս անխոցելիութեան դէմ մոլեգնած է հակադաշնակցական պայքարի այսօրուան ամբոխային տրամաբանութիւնը։ Մեր ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ Դաշնակցութեան գրաւած տեղը հարուածելու մտօք՝ մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալի հակակուսակցական արշաւներու նորօրեայ հետեւորդները կը փորձեն կասկածանքի եւ բամբասանքի ձեխարձակման ենթարկել դաշնակցական արժէքներն ու սրբութիւնները։
Այդ առումով կ՛արժէ ընդգծել, որ «խորհրդային ժառանգութենէն» աւելի հին կեղտաջուրերէ կը սնանի, այսօր, հակակուսակցականութեան ամբոխային տրամաբանութիւնը։
Ինչպէս որ 1913ին, յանկարծամահ իր վախճանէն քանի մը ամիս առաջ, նշած էր Դաշնակցութեան մեծագոյն բարոյախօսը կամ, Սիամանթոյի բնորոշումով, հայ ժողովուրդի ընկերային Նազովրեցին՝ Սիմոն Զաւարեան, «Կուսակցական պայքարը» խորարեալ իր յօդուածով, «Մեր տգէտ եւ վատասերած կեանքին մէջ աղաւաղուել է քաղաքական կռուի գաղափարը, կռուի շիտակութեան սկզբունքը։
«Ինչպէս վայրենիները կամ միջնադարեան «ասպետ»ները քաղաքական կռուի մէջ գործ կը դնէին թոյն, դաշոյն, նենգ խաբէութիւն, մեզ մօտ եւս սակաւ չեն եղած սպանութիւնները՝ անհատական, թայֆական հաշիւներէ դրդուած եւ քողարկուած բարձր քաղաքական նպատակներով»…
Դաշնակցութեան «Աշխարհիկ Սուրբ»ին կատարած ախտորոշումը, քննադատութիւնը եւ դատապարտումը որոշապէս ուղղուած էին այն պատեհապաշտներուն դէմ, որոնք հայկական յեղափոխութեան հետ գաղափարական պորտակապ չունէին, բայց նոյնինքն յեղափոխութեան անունով զայն կը պղծէին իրենց անձնական ինչ–ինչ հաշիւներուն յագուրդ տալու համար։
Աւելի՛ն. Զաւարեանի պոռթկումը կը ներշնչուէր ինքնաքննադատութեան ոգիէն եւ կ՛առաջադրէր, ինքնամաքրման հունով, վերարժեւորել կուսակցականութեան բարիքը եւ վերականգնել կուսակցական պայքարի աղճատուած դէմքը հայ իրականութեան մէջ։ Փաստօրէն հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները յաջողած էին ոչ միայն ստրուկ ու մորթապաշտ հայէն կերտել Ազգի ու Հայրենիքի պաշտպանութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գաղափարի մարտիկը, այլեւ՝ եսակեդրոն ու նիւթապաշտ հայ կեանքը առաջնորդել դէպի բազմակարծութեան եւ ժողորդավարական մասնակցութեան վրայ խարսխուած քաղաքացիական հասարակութիւն։ Եւ այդ յառաջխաղացքին կը սպառնար կուսակցական պայքարին աղճատումը՝ կուսակցականութեան բարիքին ոտնահարումը։
Նաեւ ու յատկապէս մեր օրերուն այնքա՜ն կրթիչ կը հնչէ ընդվզումը Զաւարեանի, որ կուսակցական արժէքներուն եւ բարոյական սկզբունքներուն հիմնաւորումն ու պաշտպանութիւնը կատարելով՝ խարանիչ հետեւեալ եզրակացութեամբ կ՛աւարտէր իր յօդուածը.
«Երէկուայ ստրուկների զաւակներ, մենք զուրկ ենք տակաւին մարդկային շիտակութենէ, ճակատ առ ճակատ կռուելէ, ղեկավարը գործիքէն, դաշնակիցը թշնամիէն տարբերելէ։
«Մենք հեռու ենք առողջ, ուժեղ, ազնիւ ազգ լինելէ»։
Մինչեւ որ մերօրեայ հայ կեանքին մէջ, յատկապէս հայրենական կողմն հայաշխարհի, լիարժէք կայացման իրենց կազմախօսական շրջանը չբոլորեն նորաստեղծ կուսակցութիւնները՝ կուսակցական պայքարի գաղափարական եւ բարոյական ազնուագոյն արժէքները ամրագրելով, Ազգն ու Հայրենիքը՝ հայոց պետականութեամբ հանդերձ, դատապարտուած են պատանդ մնալու պատեհապաշտներու եւ գաղափարական փերեզակներու ձեռքը։
Անկուսակցական դիմակի տակ գործող՝ խեղածին կուսակցութիւններու ամբոխային տրամաբանութեան ձեռքը։