«Եթէ Իրանը Կարենայ Օգնել Թուրքիոյ՝ Ճանչնալու Իր Պատմութիւնը, Կարեւոր Գործ Մը Կատարած Կ՛ըլլայ»
ԹԵՀՐԱՆ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 23ի առաւօտեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդարանի դահլիճէն ներս կայացաւ թուրք մտաւորական, «Քլարք» համալսարանի դասախօս փրոֆ. Թաներ Աքչամի ասուլիսը:
Թաներ Աքչամ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց զինք Իրան հրաւիրելուն համար, եւ ըսաւ, թէ հպարտ է, որ իր գիրքը՝ «A Shameful act» («Ամօթալի արարք») թարգմանուած է պարսկերէնի:
«Իմ միակ յոյսն ու երազը այն է, որ Թուրքիան իր պատմութեան այս մութ մնացած կողմը ճանչնայ, որմէ ետք է միայն, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կրնան արմատաւորուիլ խաղաղութեամբ», ըսաւ Աքչամ եւ աւելցուց. «Հայոց Ցեղասպանութիւնն իսկական Ցեղասպանութիւն է, եւ ոչ թէ ջարդ կամ սպանութիւն: Ես կ՛ըսեմ, որ եթէ 1915ին տեղի ունեցածը Ցեղասպանութիւն չանուանենք, այդ պարագային պէտք է ըսել, որ որեւէ ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած աշխարհի մէջ: Այս է իմ տրամաբանութիւնս՝ իրերը պէտք է անուանել իրենց անունով, որպէսզի կարենանք ճիշդ վերաբերիլ անոնց հետ»:
Ան նաեւ ըսաւ. «Երբ մենք կը խօսինք անցեալի մասին, կը ցանկանք հասնիլ խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ ոչ թէ թշնամանքի»:
Թաներ Աքչամ շեշտելով, որ պիտի շարունակուի միջազգային մակարդակի վրայ օտար խորհրդարաններէ ներս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ընթացքը՝ ըսաւ. «Անցեալին օտար երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչումը կը համարէի սխալ: Կը Կարծէի, որ արտաքին միջամտութիւնը կրնայ աւելի շատ լարել թուրք հասարակութիւնը հայերու դէմ, բայց այսօր կը գտնեմ, որ առանց արտաքին ճնշումներու, Թուրքիան այս պատմական իրականութիւնը պիտի չընդունի, եւ այսօր հայերու միակ ճանապարհը այն է, որ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու մէջ բարձրացնեն այս հարցը»:
«Ամօթալի արարք» գիրքի հեղինակին կարծիքով, «Պատմական իրականութեան մասին տեղեակ ըլլալը մարդիկ կը մօտեցնէ իրարու: Ան նաեւ յայտնեց, թէ «Թուրքիան ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ միւս դրացի ժողովուրդներուն՝ քիւրտերու, յոյներու, ալաուիներու եւ ուրիշներու հետ ունի հարցեր, որոնց լուծումը նախեւառաջ անոնց մասին ճիշդ տեղեկացուած ըլլալուն մէջ կը կայանայ»:
Աքչամ, նկատի ունենալով Իրան-Թուրքիա սերտ յարաբերութիւնները՝ նշեց. «Եթէ Իրանը կարենայ օգնել Թուրքիոյ՝ ճանչնալու իր պատմութիւնը, կարեւոր գործ մը կատարած կ՛ըլլայ»: