Քանոկա Փարքի մէջ գտնուող ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունիս 19ին կէսօրէ ետք ժամը 6ին: Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Սարգիս սրկ. Էյլէնճեանի, ներկայ գտնուեցաւ հանդէսին:
Բացման խօսքը կատարեց փոխտնօրէնուհի Անահիտ Նալպանտեան-Բժշկեան:
Սրբազան հայրը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն եւ յատկապէս շրջանաւարտներուն, շնորհաւորեց զիրենք, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, Ծնողաուսուցչական մարմինը եւ ծնողները, եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց շրջանաւարտներուն: Ան յոյս յայտնեց, որ անոնք հայու զօրաւոր ոգիով, հայրենասիրութեամբ, հաւատքով եւ աշխատասիրութեամբ արժանանան աւելի բարձր վկայականներու եւ մրցանակներու: Ան իր օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին եւ աղօթեց անոնց քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան համար: Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում:
Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ Ծնողաուսուցչական մարմնի կազմակերպութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.