Կարդացի «Ասպարէզ»ի Յունիս 5ի ՀՄԸՄի վարչութեան «Ռազմավարական Ծրագրաւորումի համագումար»ի նուիրուած յօդուածը: Կ՛ուզեմ յարգելի քոյր Մարոյին յիշեցնել որ այդ միութիւնը մարզական միութիւն ըլլալով ոչ մէկ ատեն ռազմավարական ծրագիրներ չէ ունեցած: Ճիշդ պիտի ըլլար այլ վերնագիր մը ընտրուէր: Սոյն ժողովին ճշդուած է 14 ծրագիրներու իրագործման եղանակները: Արդեօք ժամանակը չէ, որ ՀՄԸՄի պատասխանատուները ծրագրեն ու իրենց կարելին ընեն, որպէսզի մեր պատանիները եւ պարմանուհիները ներկայութիւն դառնան մեր եկեղեցիներէն ներս, որոնց այնքան պէտք ունինք այս դժուարին օրերուն:
Ձերդ անկեղծ՝
Սարգիս Տէրվիշեան
Փասատինա
ԽՄԲ.- «Ռազմավարական» բառը Մարօ Քէշիշեանի նշուած տեղեկագրութեան մէջ օգտագործուած է հեռահար ծրագրաւորումի իմաստով: