ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Երեքշաբթի, Յունիս 22ին, Եւրոպական խորհուրդի շէնքին մէջ բացուած է «Ատրպեճանական մշակութային ժառանգութիւն» խորագիրով ցուցահանդէսը։
Ատրպէյճանի մաքսային ծառայութեան կազմակերպած ցուցահանդէսին բացումը կատարած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թուրք նախագահ Մեւլուտ Չաւուշօղլուն։
Ատրպէյճանի մաքսային ծառայութեան պետ Այտըն Ալիեւի համաձայն, ցուցահանդէսին նպատակն է միջազգային հանրութեան ներկայացնել ոչ միայն Ատրպէյճանի մշակութային ժառանգութիւնը, այլ նաեւ՝ «հայկական բռնագրաւման տակ գտնուող տարածաշրջանին մէջ՝ ատրպեճանական մշակոյթին դէմ ոտնձգութիւնները»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.