
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Հայ իրաւաբաններու միութեան, Հինգշաբթի, Յունիս 24ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Phoenicia» ճաշարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Լի Պաքայի եւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանի ի պատիւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուի նշեալ գաւառին եւ քաղաքին տրամադրուած Պաքայի եւ Նաճարեանի սպասարկութիւնները:
Նաճարեանը պիտի ներկայացուի Լոս Անճելըսի սպարողներու հարցերով իրաւաբաններու միութեան ատենապետ՝ իրաւաբան Կարօ Մարտիրոսեանի կողմէ:
Հայ իրաւաբաններու միութեան անդամներուն համար, մուտքի սակը 45 տոլար է, իսկ մնացեալին համար՝ 55 տոլար: Ուսանողներու յատուկ սակը 35 տոլար է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.armenianbar.org կայքը: