ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ, Յունիս 15ին իրականացած է «Քսաններ-քաղաքական դասեր» թեմայով կլոր սեղան-քննարկում մը՝ նուիրուած 1915ի Յունիս 15ին, Պոլսոյ մէջ գտնուող Սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան 20 անդամներու նահատակման 95ամեակին: Կլոր սեղան-քննարկման մասնակցած են կուսակցութիւններու երիտասարդական թեւերու ներկայացուցիչներ, պատմաբաններ եւ գրողներ:
Յիշեցնենք, որ ՍԴՀԿ որոշում ընդունած էր հայ ժողովուրդի դէմ գործած բազմաթիւ ոճիրներուն եւ Ցեղասպանութիւն ծրագրելուն համար՝ մահուան դատապարտել Օսմանեան Թուրքիոյ ղեկավարները՝ Թալիաթը, Ճեմալը եւ Էնվերը:
Մահապատիժի գործադրման պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր ՍԴՀԿի Թուրքիոյ գործադիր յանձնախումբի ատենապետ Փարամազը՝ Մաթեւոս Սարգսեան: Երիտթրքական գաղտնի ծառայութեան գործակալներէն մէկը, սակայն, մատնած է անձնազոհ հայորդիները: Իբրեւ հետեւանք, Պոլսոյ մէջ գտնուող Հնչակեան քսան անդամները ձերբակալուեցան ու 1915ի Յունիս 15ին, Կ. Պոլսոյ «Սուլթան Բայազետ» հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացան:
Քննարկման բանախօս, գրող հրապարակախօս Գրիգոր æանիկեան յայտնած է, թէ այս օրը պատմական է հայերուն համար, եւ շատ կարեւոր է, որ ոգեկոչման արարողութիւններ կազմակերպուին: «Կարեւոր ծրագիր էին ցանկանում իրականացնել հնչակեանները, սակայն ձախողուեց: Մի գիշերուայ մէջ ձերբակալուեցին 140 հնչակեաններ, որոնցից 20ին կախաղան բարձրացրեցին, սակայն նրանց գաղափարները շարունակում են ապրել: Այսօրուայ սերունդը առաջնորդւում է նրանց գաղափարներով, այն է՝ ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստան ունենալ», ըսած է Գ. æանիկեան:
Կուսակցութեան մամլոյ պատասխանատու Նարեկ Գալստեան, իր կարգին նշած է, որ Սփիւռքի բազմաթիւ հայաշատ գաղութներու մէջ, իւրաքանչիւր տարի կը կազմակերպուին ոգեկոչման արարողութիւններ՝ ի յիշատակ նշեալ հերոսներուն: «Այս տարի Հայաստանում նոյնպէս նման միջոցառումներ են անցկացւում: Մենք բացի ոգեկոչման արարողութիւնից, որոշել ենք անցկացնել կլոր-սեղան քննարկումներ, որի նպատակն է ոչ միայն 1915ին կատարուածը մանրամասն ներկայացնելը, այլեւ պատմաբանների, մասնագէտների միջոցով հասկանալ, թէ ի՞նչ դասեր կարելի է քաղել», ըսած է Ն. Գալստեան:
Նշենք, որ ձեռնարկները սկսած են Յունիս 14ի երեկոյեան՝ մոմավառութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ: Նաեւ, Յունիս 15ին, Ծիծեռնակաբերդի շրջափակէն ներս կը տնկուին եղեւնիներ՝ ի յիշատակ զոհուածներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.