ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Յունիս 16ին մասնակցած է ջրային ոլորտի քաղաքականութեան վերաբերող հետազօտական համաժողովին, ուր խօսած է խմելու ջուրի մատակարարման կազմակերպման ռազմավարութեան մասին:
Համաժողովին նպատակը եղած է ներկայացնել կառավարութեան նախաձեռնած ոլորտային բարեփոխումներու միջանկեալ արդիւնքները եւ քննարկել ջրային ոլորտի քաղաքականութեան վերաբերող մարտահրաւէրները: Քննարկման մասնակցած են նաեւ ոլորտի պետական եւ մասնաւոր հատուածի պատասխանատուներ, միջազգային հիմնադրամներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ փորձագէտներ:
ՀՀ կառավարութիւնը Համաշխարհային դրամատունէն խնդրած է մշակել «æրային ոլորտի քաղաքականութեան մասին» փաստաթուղթ մը՝ վերլուծելով ոլորտին իրավիճակը, պետական-մասնաւոր գործունէութեան գծով Հայաստանի մէջ մինչ օրս ձեռքբերուած փորձը եւ միջազգային փորձէն քաղուած դասերը:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, թէ տնտեսական բարեփոխումներու իրականացման մէջ երկիրը հասած է նոր հանգրուանի, ուր անհրաժեշտ է յստակացնել շարք մը հիմնախնդիրներ։ «Խնդրեցինք Համաշխարհային պանքէն (դրամատունէն-Խմբ.), որպէսզի մեզ տրամադրի խորհրդատուութիւն: Վերջին շրջանում կարող ենք ասել, որ բարեփոխումներն այս ոլորտում տուել են դրական արդիւնքներ, մասնաւորապէս եթէ նշենք, որ Երեւանում արդէն խմելու ջրի մատակարարման արդիւնքները բաւական տպաւորիչ են: Մենք հասել ենք շուրջ 22 ժամ խմելու ջրի մատակարարման, եւ կարծում եմ՝ դա առաջին հերթին պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ մենք ունենք միջազգային օփերաթորներ, որոնց հետ կնքել ենք պայմանագրեր եւ որոնց փորձը, կարծում եմ, մի կողմից՝ մեզ համար ուսանելի է, միւս կողմից՝ նաեւ արդէն իսկ ակնյայտ եւ դրական արդիւնքներ մենք ունենք», ըսած է Տ. Սարգսեան եւ անդրադառնալով համայնքներուն մէջ ներդրումներու իրականացման ու տարածքային համաչափ զարգացման խնդիրին՝ նշած. «Կայ մասնագիտական գնահատական, որ 1 միլիառ 700 միլիոն տոլարի ներդրումներ են անհրաժեշտ այս ոլորտում: Միայն վերջին տարիների ընթացքում է, որ մենք բաւական լուրջ ուշադրութիւն ենք դարձրել այս ոլորտին եւ ներդրումներ ենք կատարել»:
Նշենք, որ համաժողովի արդիւնքներու եւ եզրակացութիւններու հիման վրայ կ՛ամփոփուին ջրային ոլորտի քաղաքականութեան շուրջ եղած առաջարկները, որոնք կը ներկայացուին յաջորդ՝ աշնան կայանալիք համաժողովին ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.