Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտախաղերուն վերջին՝ Ը. խմբակի երկու մրցումները տեղի ունեցան Չորեքշաբթի, Յունիս 16ին, ամբողջացնելով խմբակներու առաջին մրցումներուն ցանկը: Առաջին մրցումին, Հոնտուրաս 0-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Չիլիէն, իսկ երկրորդ մրցումին, Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա, հակառակ մրցումի մեծ մասը իր տիրապետութեան տակ պահելուն, նոյն արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Զուիցերիայէն, որուն մարզիկները Զուիցերիան յատկանշող չէզոքութեան սկզբունքէն աւելի, շեշտը դրին ճշգրտութեան սկզբունքին վրայ…
Յաջորդական 12 յաղթանակներ արձանագրած Սպանիոյ խումբը եւրոպական խումբերու դէմ իր կատարած վերջին 37 մրցումներուն պարտութիւն չէր կրած, իսկ Զուիցերիա Սպանիոյ դէմ ցարդ կատարած 19 մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը: Զուիցերիա նաեւ աւարտախաղերուն ընթացքին յաջորդական հինգերորդ մրցումը ըլլալով՝ կրցաւ անառիկ պահել իր բերդը, հաւասարելով Իտալիոյ հաստատած մրցանիշին:
Յայտնենք, թէ 32 խումբերուն կատարած առաջին մրցումներէն ետք նշանակուած է միայն 25 կօլ, ինչ որ շատ ցած համեմատութիւն մըն է:
Օրուան երրորդ մրցումին, հիւրընկալ Հարաւային Ափրիկէն ճակա-տեցաւ Ուրուկուէյի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ Ուրուկուէյի 3-0 յաղ-թանակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.