ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 11ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Քաթարի պետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իպրահիմ Ապտէլ Ռահման ալ Մուղայսիպի հաւատարմագիրը, եւ շնորհաւորելով զայն՝ յայտնած է, թէ Հայաստանը կարեւոր կը համարէ Քաթարի հետ համագործակցութեան զարգացումը: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային Քաթարի պետութեան մէջ Հայաստանի դեսպանի նշանակումով եւ միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքի աշխուժացումով հիմք կը դրուի արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան:
Դեսպան Մուղայսիպ, իր կարգին, յայտնած է, որ Քաթարը հետաքրքրուած է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու հնարաւորութիւններով եւ մտադիր է բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններ կազմակերպելու միջոցով յստակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերել:
Կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակած են Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ: Հայաստանի նախագահը անթոյլատրելի համարած է հակամարտութեան կրօնական բնոյթ տալու ատրպեճանական փորձերը՝ ափսոսանք յայտնելով, որ որոշ իսլամական երկիրներ յաճախ կ՛աջակցին այդ փորձերուն:
Ի պատասխան՝ դեսպանը յայտնած է, թէ Քաթար կը պաշտպանէ ԼՂ խնդիրը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու մօտեցումը, եւ չի կարծեր, թէ այս հակամարտութիւնը կրօնական հիմք ունի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.