«Ֆրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի «Պար-Իլան» համալսարանէն դասախօսներ Եոսի Քատզ, Տէյվիտ Եորիել, Եաքով Քատզ եւ Միացեալ Նահանգներու «Ճորճթաուն» համալսարանէն փրոֆ. Օֆեր Իսրայէլ, նամակով մը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին դիմած են՝ նշելով, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին առնչութեամբ պէտք է կայացնեն ճիշդ որոշում, այսինքն՝ 1915ի իրադարձութիւնները պէտք է պաշտօնապէս ճանչնան իբրեւ ցեղասպանութիւն։
«Մենք կը դատապարտենք թրքական կառավարութեան երկերեսութիւնը: Թուրքիա, հակառակ Իսրայէլի հետ ստորագրուած բոլոր համաձայնագիրներուն, վճռականօրէն կը կողմնորոշուի Իսրայէլի թշնամիներուն ի նպաստ։ Ժամանակն է, որ Իսրայէլը ինք ստանձնէ նախաձեռնութիւնը եւ պատշաճ պատասխանը տայ իր դէմ իրականացուող բոլոր յարձակումներուն», կը նշեն հրեայ դասախօսները։
Նամակին մէջ ակնարկ կայ նաեւ քրտական հարցին։ «Անգարան Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ բնակող քիւրտ ժողովուրդին պէտք է տայ ինքնավարութեան կարգավիճակ», կը նշուի նամակին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.