ՊՐԻՒՔՍԵԼ, «Ռոյթըրզ».- ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու Պրիւքսելի մէջ Հինգշաբթի, Յունիս 10ին կայացած հանդիպումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն յուսախաբ է Իրանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատող ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին դէմ Թուրքիոյ քուէարկութենէն, սակայն վստահեցուց, թէ այդ մէկը Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու զինուորական յարաբերութեանց վրայ պիտի չազդէ։
«Իրանեան պատժամիջոցներուն հարցով Թուրքիոյ քուէարկութենէն յուսախաբ եմ։ Բայց եւ այնպէս, Թուրքիա տասնամեակներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու դաշնակից եւ ՆԱԹՕի անդամ է։ Թուրքիա կը շարունակէ դաշինքին մէջ կենսական դերակատարութիւն ունենալ», ըսաւ ան:
Կէյց նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլի հետ։ Թրքական լրատուամիջոցներու համաձայն, շուրջ քսան վայրկեան տեւած հանդիպումին մասնակցած են նաեւ ՆԱԹՕի մօտ երկու երկիրներու դեսպաններն ու ռազմական տեսչութեանց ներկայացուցիչները։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտնեց, որ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները պիտի չազդուին Իրանի պատժամիջոցներուն դէմ Թուրքիոյ քուէէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.