ՊՈԼԻՍ, «Փանորամա».- Ըստ թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթին, Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան հայկական բաժնի մասնագէտ, Սաքարիոյ համալսարանի գրականութեան եւ պատմութեան ամպիոնի դասախօս դոկտ. Էնիս Շահինի խմբագրութեամբ, շուտով լոյս կը տեսնէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ Հայկական հարցի ուսումնասիրութեան նուիրուած 20 հատոր կազմող աշխատանքը:
Խմբագիրին խօսքով, ի պատասխան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով հայկական կողմի քարոզչութեան, շուրջ 5-6 հազար էջ կազմող նշեալ հատորները կ՛ակնկալուի հրատարակել 2011ի Ապրիլին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.