ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ներկայացուցիչներու տան թիւ 252 բանաձեւի հեղինակ՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին զուգահեռ, աշխատանք կը տանի Քոնկրեսի արխիւներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրողներուն մասին տեղեկութիւններու եւ յուշերու արխիւ մը գոյացնելու ուղղութեամբ:
Շիֆի գրասենեակէն Հինգշաբթի, Յունիս 10ին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ վկայութեանց նոր տրցակ մը յանձնուած է արխիւներուն: Անոնց մէջ կան Ֆլորա Մունուշեան-Մուրատեանի (յանձնուած անոր դստեր՝ Քէյ Մուրատեանի կողմէ), Յակոբ Պօղոսեանի (յանձնուած՝ Հէր Պօղոսեանի կողմէ) եւ Քաթիա Քուշերեանի 95ամեայ մօր յուշերն ու վկայութիւնները:
Շիֆ այս առիթով դարձեալ կոչ կ՛ընէ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն եւ ժառանգորդներուն, որ իրենց պատմութիւնները յղեն իրեն, որպէսզի անոնք դառնան երկրին պատմութեան մէկ մասնիկը:
Պատմութիւնները պէտք է յանձնուին քոնկրեսականի Փասատինայի գրասենեակէն՝ Մէրի Յովակիմեանին՝ mary.hovagimian@mail.house.gov համացանցային հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.