ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Լիբանանի մէջ, «Ազատութեան նաւատորմիղ»ի միջադէպին ընթացքին սպաննուած 9 թուրքերուն խորհրդանշական յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է անցնող շաբաթավերջին՝ «Հըզպալլա»ի կազմակերպութեամբ ու հազարաւորներու մասնակցութեամբ:
Պէյրութի մէկ մարզադաշտին մէջ, թրքական դրօշակով ծածկուած ինը խորհրդանշական դագաղներու դիմաց, հազարաւորներ հետեւած են արարողութեան, որուն ընթացքին «Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլա ըսած է, թէ Թուրքիա սկսած է ցոյց տալու իր ուժը եւ այդ պաճտառով ալ Թուրքիա կարեւոր տեղ պիտի ունենայ իսլամական աշխարհին մէջ։
Նասրալլա բողոքեց, որ արաբական երկիրները բաւարար չափով իրենց «ձայնը չեն բարձրացներ»։
«Իսրայէլ Թուրքիոյ կարմիր դրօշակէն ու «Հըզպալլա»ի դրօշակէն կը վախնայ. բոլորս ալ Թուրքիոյ ետին պէտք է կանգնինք. Ամերիկա ծանր ճնշում կը գործադրէ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին վրայ, բայց Էրտողան իր որոշումէն ետդարձ չ՛ըներ», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.