ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Կազայի շրջափակումը խզել փորձած իրլանտական «Ռէյչըլ Քորի» կոչուող նաւուն վրայ գտնուող գործիչները Կիրակի, Յունիս 6ին վտարուեցան Իսրայէլէն, մինչ Կազայի շրջափակումը վերացնելու կոչերը հետզհետէ աճ արձանագրեցին։ Նաւուն վրայ կը գտնուէին տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ՝ վեց մալեզիացիներ, քուպացի մը, հինգ իրլանտացիներ, ներառեալ՝ Նոպելեան մրցանակակիր Մայրիտ ՄըքՈւայըրը, նաեւ վեց ֆիլիփինցիներ, առաւել սկովտիացի նաւավարը։ Իսրայէլեան մասնայատուկ ուժեր գրաւեցին նաւը եւ զայն առաջնորդեցին Աշտոտի նաւահանգիստը։
Յայտնենք, թէ նաւը կը կրէր իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սպաննուած ամերիկացի մարդկային իրաւանց գործիչին անունը: Անոր ծնողքը այս տարի դատ բացած է Իսրայէլի դէմ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մերժեց այն պնդումները, թէ Կազայի շրջափակումը պէտք է վերացուի։ Ան իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի շաբաթական նիստին յայտնեց, թէ «պիտի չարտօնենք, որ Կազայի մէջ իրանեան նաւահանգիստ մը հաստատուի եւ «Համաս»ին ազատօրէն զէնքեր հասնին»։
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերու տեղակալ Ճան Հոլմզ յայտնեց, որ աղէտը պէտք է դառնայ Կազայի նկատմամբ Իսրայէլի քաղաքականութիւնը փոխելու առիթ մը։ «Ասիկա տրամաբանական քաղաքականութիւն մը չէ։ Ծայրայեղականութեան դէմ պայքարելու նպատակին չի նպաստեր», ըսաւ ան։ Հոլմզ Կազայի շրջափակումը նկատեց «անընդունելի, ապարդիւն եւ Կազայի ժողովուրդին համար շատ վնասակար»։
Փարիզի մէջ, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին առաջարկուեցաւ Կազա ուղուող նաւերու ստուգումը յանձնել Եւրոպական Միութեան։ Եւրոպական Միութիւնը նաեւ պատրաստ է իր հսկողութեան տակ դնել Կազայի եւ Եգիպտոսի սահմանային անցքը:
Միւս կողմէ, Իրանի Կարմիր մահիկը եւս որոշած է երկու բեռնանաւով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկել Կազա։
Նաեւ, Կիրակի օր Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ Իսրայէլի ի նպաստ ցոյց մը, որուն մասնակցեցան մօտաւորապէս 5000 հոգի, որոնք դատապարտեցին նաեւ Իսրայէլի դէմ Թուրքիոյ քննադատութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.