ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին վրայ իսրայէլեան յարձակումին հարցով քննադատեց կառավարութիւնը՝ անոր կոչ ուղղելով բացայայտելու, թէ իսրայէլեան կառավարութիւնը յարձակումէն առաջ այդ առումով զգուշացուցա՞ծ էր Անգարան: Ան յայտնեց, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարներ եւ կառավարական պաշտօնատարներ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ նախապէս կնքուած համաձայնագիրները չեղեալ նկատելու վերաբերեալ հակասական տեսակէտներ արտայայտնեցին, աւելցնելով, որ «Մենք վարչապետին կը յանձնարարենք դէպքը ողջամտութեամբ դիտել»։
Յայտնելով, որ Իսրայէլեան յարձակումէն ետք Էրտողան շատ խստօրէն քննադատեց Իսրայէլը՝ Քըլըճտարօղլու իշխող կուսակցութենէն խնդրեց Էրտողանի յայտարարութիւններէն ետք հարկ եղածը կատարել։ «Թուրքիոյ վարկը վնասուեցաւ։ Ան պէտք է վերականգնի», ըսաւ ան եւ խօսքը վարչապետին ուղղելով՝ աւելցուց. «Հերոսութեամբ դիւանագիտութիւն չես կրնար հետապնդել։ Արտաքին քաղաքականութիւն կարելի է վարել տրամաբանութիւնդ օգտագործելով, ճիշդ ճատրակի վարպետի մը պէս։ Պէտք է կանխատեսես շարժումները եւ ըստ այնմ քայլերդ առնես»։
Իր կարգին, վարչապետ Ռեչեփ Թայիեփ Էրտողան Քըլըճտարօղլուն ամբաստանեց «Իսրայէլի փաստաբանութիւնը ընելու» յանցանքով։ Էրտողան ըսաւ, որ Թուրքիա այլեւս լքած է «սալոնի դիւանագիտութիւնը» ու մտած է «արժանապատիւ արտաքին քաղաքականութեան» հանգրուանէն ներս։
Պուրսայի մէջ արտասանած իր ճառին մէջ, վարչապետ Էրտողան յայտարարեց նաեւ, թէ «Կազան մեզի համար պատմական դատ մըն է եւ մենք դէմ կը կանգնինք անոնց, որոնք կը ստիպեն անոր բնակչութեան, բացօթեայ բանտի մը մէջ ապրիլ»։
Վարչապետի տեղակալ Պիւլենտ Արընչ անհիմն համարեց այն ամբաստանութիւնները, թէ կառավարութիւնը անհրաժեշտ խստութեամբ չէ պատասխանած Իսրայէլի յարձակումին եւ թէ կառավարութիւնը, յարձակումին մասին տեղեկութիւն ունենալով՝ չէր արտօնած, որ իշխող կուսակցութենէն երեսփոխաններ մասնակցին օժանդակութիւն տանող նաւատորմին։
«Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ ամերիկեան վարչակազմը նախքան «Ազատութեան նաւատորմիղ»ի Կազա ուղղուիլը, զգուշացուցած էր Անգարայի իշխանութեանց, թէ Իսրայէլ կրնայ նաւատորմիղին վրայ յարձակիլ։ Նման մտավախութիւն յայտնած է նաեւ թրքական բանակի սպայակոյտը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.