ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, 1 Յունիսին, Իրաքի Քիւրտիստան շրջանի Սուլայմանիէ քաղաքին մէջ կայացաւ Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան (ՔՀՄ) 3րդ համագումարի բացման պաշտօնական նիստը։ Համագումարը կը զուգադիպի կուսակցութեան հիմնադրութեան 35ամեակին։
Բացման նիստին ներկայ էին ՔՀՄի գլխաւոր քարտուղար եւ Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանի, Իրաքի Քիւրտիստանի նախագահ եւ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մասսուտ Պարազանի, Իրաքի վարչապետ Նուրի Ալ Մալիքի, երկրի եւ շրջանի կուսակցութիւններու ղեկավարներ, այլ երկիրներու դեսպաններ, հիւպատոսներ ու համագումարի պատգամաւորներ։
Համագումարին ներկայ էին նաեւ արտասահմանեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի պատուիրակութիւնը, բաղկացած՝ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանէն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանէն։
Նախագահ Թալապանի, այլ հիւրերու շարքին, ողջունեց ՀՅԴի մասնակցութիւնը։ Այլ ուղերձներու շարքին, համագումարին փոխանցուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի ուղերձը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.