ՊԷՅԺԻՆԿ.- «Փանորամա».- Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան (ՉԺՀ) արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է մեկնաբանութիւն մը՝ ԼՂՀ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին: Չինաստանը պաշտօնապէս ոչ միայն խուսափած է գնահատականներ տալէ արցախցիներու ընտրական իրաւունքի իւրացման մասին, այլեւ վերահաստատած է իր դիրքորոշումը ԼՂ հիմնահարցին առնչութեամբ՝ պնդելով, որ խնդիրը պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով:
Մեկնաբանելով ԼՂՀ խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մա Ժաոքսիւի յայտնած է. «Չինաստանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի առնչութեամբ յստակ ու հետեւողական է, եւ կը մնայ անփոփոխ: Չինաստանը յոյս ունի, որ շահագրգիռ կողմերը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը խաղաղ կարգաւորելու նպատակով կը գտնեն փոխադարձ ընդունելի լուծում՝ միջազգային իրաւունքի համընդհանուր սկզբունքներու եւ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերու պահանջներու վրայ հիմնուած խորհրդակցութիւններու եւ երկխօսութեան միջոցով: Ատիկա ոչ միայն կը համապատասխանէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի շահերուն, այլեւ կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան ու զարգացման ամրապնդման»:
Ըստ նշեալ յայտարարութեան, ԼՂ հակամարտութեան ռազմական փուլը ծագած է 1991ին, երբ ի պատասխան ԼՂ բնակչութեան ինքնորոշման պահանջին, ատրպեճանական իշխանութիւնները փորձեցին լուծել հարցը՝ Խորհրդային անվտանգութեան ուժերուն կողմէ անձնագրային վարչաձեւի իրականացման քօղին տակ իրականացնելով ցեղական զտումներ եւ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ, որոնց իբրեւ հետեւանք, եղան հազարաւոր զոհեր եւ զգալի նիւթական կորուստներ: 1994ին կնքուած է զինադադար: Ներկայիս, հիմնախնդիրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններ կ՛ընթանան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու (Ռուսիա, ԱՄՆ, Ֆրանսա) միջնորդութեամբ, որոնց կողմէ 2007 Նոյեմբերին ներկայացուած է Մատրիտեան առաջարկներու հիման վրայ:
Ատրպէյճանը մինչեւ հիմա չի գործադրեր ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի 1993ի 4 բանաձեւերը՝ շարունակելով տարածաշրջանին մէջ սպառազինութիւններու մրցավազքի հրահրումը եւ կոպտօրէն խախտելով միջազգային իրաւունքի ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման սկզբունքը:
Յիշեցնենք նաեւ, որ ԼՂՀ Ազգային ժողովի վերջին ընտրութիւնները կայացան Մայիս 23ին: Թէեւ ԼՂՀ պաշտօնապէս չէ ճանչցուած որեւէ երկրի կողմէ, այնուամենայնիւ, աւելի քան տասը երկիրներու քաղաքական գործիչներ ու պաշտօնատար անձինք դիտարկումներ իրականացուցին այդ ընտրութիւններուն, եւ արձանագրեցին, թէ անոնք անցած են միջազգային չափանիշներու համապատասխան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.