ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ, Մայիս 25ին հրաւիրուած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են քաղաքային տնտեսութեան տարբեր ոլորտներուն վերաբերող շարք մը խնդիրներ:
Զեկոյց ներկայացուած է մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ նոր կանգառներ ստեղծելու աշխատանքներուն մասին։ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Փիւնիկ» բարեգործական միութեան համատեղ ջանքերով, վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Երեւանի մէջ տեղադրուած է 50 նոր խաղահրապարակ, իսկ 23 հատ պիտի տեղադրուի յառաջիկային:
Քաղաքապետի յանձնարարութեամբ, նախքան խաղահրապարակներուն տեղադրումը, վարչական շրջաններուն կողմէ պիտի բարեկարգուին նշեալ տարածքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.