Պ. Ա.
Վիգէնը կարիքը չունի բամբ թմբուկներու եւ կիթառներու, ոչ ալ շողշողուն կուրցնող լոյսերու օձապտոյտ խաղերուն կամ կապիկային աճպարարաբոյր ծեքծեքումներու՝ ունկնդիրին փոխանցելու համար իր երգն ու իր սիրտը, որ նաեւ կը պարունակէ պատգամ պարզութեան (պարզացի՛ր, պարզացո՛ւր), որ չի նշանակեր աղքատացում կամ տափակութիւն։ Պատգամ բառը հոս ունի իր խոր իմաստը՝ ըլլալ անկեղծ եւ անբռնազբօսիկ, սիրել եւ սիրցնել զուարթամտութիւնը առանց շփանալու եւ շփացնելու, սիրոյ քնքշութիւնը բուրել առանց պոռնկանալու։

Հինգ կլոր սեղաններու շուրջ քսան հոգիէ աւելի չէինք, 13 Ապրիլին, իրարու անծանօթ հայեր «Ֆէնիսիա» ճաշարանը, երբ Վիգէն իր ժպիտը, իր սիրտը, արցունքը, կրկին սիրտն ու հոգին ի սպաս դրաւ իր բուռ մը ունկնդիրներուն։ Հայկական ծանօթ եւ քնքուշ մեղեդիները ան մեզի ներկայացուց իր տարիներու հաւատարիմ դաշնակահարին քքուող, ջերմացնող, առինքնող հնչիւններուն հետ համերաշխ։
Ժամանակին հայ երաժիշտը պարզ ու խաղաղ հայ երգը անխարդախ ու անպաճոյճ մեզի հրամցնելու նուիրական ճաշակը ունէր։ Ան չէր ամչնար լուսաթափանց ըլլալէ, կարկաչահոս ու զուլալ հոսելէ (յատկանշական է «զուլալ» բառը գրչիս տակ. կը սիրեմ հայաբոյր իգական երգի «Զուլալ» երրեակը)։ Վիգէն եւ «Զուլալ»ը նոյն արեւահոս ակէն կու գան։ Ճաշակէն աւելի պահանջի հարց է. պահանջ ունինք վերաթարմանալու, առանց «քոմբլէքս»ներու՝ վերաթեթեւանալու, նոյնիսկ հայկական լուռ թախիծին հաղորդուելով, հոգեկան անաղմուկ թեթեւութիւն, ինչ որ մենք, հայերս, կը շփոթենք «ճըվըխնալու», «զեվզեկնալու» հետ, օղի ճնկելով զուարճանալու հետ, քանի որ լուրջ մշակութային հասունութիւն չունինք եւ պատրաստ ալ չենք զայն մշակելու՝ անձնատուր ըլլալով «թիվի»ի ճիրաններուն։
Վիգէն Դարբինեանի երգը կը հոսի մեր ականջներէն դէպի մեր սիրտը Արածանիին խոխոջանքներուն առատաձեռնութեամբ եւ թարմութեամբ. ան միշտ բծախնդիր է ու նախանձախնդիր մեզ յուզելու հայ ջինջ, մաքուր, պայծառ երգերով, առանց իյնալու եսակեդրոն «ահա ես»ի ատելի պարծենկոտութեան մէջ որմով ծածկել կը ջանան իրենց ամբարտաւան անշնորհքութիւնը նորելուկներէն շատեր՝ կապկել ջանալով օտարին անարուեստ աւելորդաբանութիւնները։ Ափսոս, հազար ափսոս. փայլուն տաղանդներ կը փճանան հեշտամոլութեան եւ փառամոլութեան ճամբուն վրայ։ Վիգէն տարիներ կ՛երգէ եւ դեռ «մոտեռն» ըլլալու մարմաջէն չէ բռնկած։ Վիգէն քաջաբար կը շարունակէ իր ճամբան զնգուն եւ գլգլացող պարզութեամբ, հա՛յօրէն, հա՛յաբար, հայկական անկեղծութեամբ եւ պրզութեամբ։ Ապրի՛ս։
Hatchortin, mod oren ge dessnevink.
Vicken