ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդեն, թէ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի հետ հանդիպման ընթացքին, հայ-իրանական յարաբերութիւնները բարեկամական եւ անկեղծ որակելով՝ նշած է, թէ Իրանն ու Հայաստանը իրարու կապուած են անխզելի կապով։
Իրանի նախագահը աւելցուցած է, թէ «պէ՛տք է բոլոր հնարաւորութիւնները օգտագործել ի շահ Իրանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն։ Իրանը պատրաստ է գիտութեան բնագաւառին մէջ իր ունեցած փորձառութիւնը փոխանցել Հայաստանին»։
Նախարար Աշոտեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնները փոխանցելով Ահմատինեժատին՝ նշած է, թէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու պայմաններուն մէջ գիտութիւնը ե՛ւս կրնայ նպաստել երկու ժողովուրդներու կենսամակարդակի բարձրացման եւ բարեկամութեան ապահովման։
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մայիս 21ին հնգօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած էր Իրան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.