ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շաբաթ, Մայիս 22ին, Շիշլիի Հայոց գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ բացումը բրգնիկցի նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի յուշադամբանին։ Ներկայիս պոլսաբնակ, նախկին սեբաստացի ազգայիններ, գլխաւորութեամբ Սարգիս Կիւլեկեչի, փափաքած էին իրենց քաղաքակից Դանիէլ Վարուժանի յիշատակը յաւերժացնել նաեւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ: Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի հովանիին տակ գործող Շիշլիի գերեզմանատան տնօրէնութիւնը սիրով ընթացք տուած էր առաջարկին, եւ գերեզմանատան կեդրոնական մասին մէջ տեղ յատկացուցած էր յուշադամբանին։ Յուշադամբանի յատակագիծը պատրաստած էր Շիշլիի փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարըն, մարմարները տրամադրած էր Եթքին Պէրպէրօղլու, իսկ Վարուժանի արձանը շինած էր արուեստագէտ Էրօլ Սարաֆեան։
Դամբարանի ձախին, սպիտակ մարմարի վրայ արձանագրուած էր Դանիէլ Վարուժանի «Անդաստան» բանաստեղծութիւնը, իսկ աջին զետեղուած էր դիմաքանդակը՝ սեւաթոյր։
Մեծաթիւ ազգայիններ, մասնաւորաբար սեբաստացիներ, ներկայութիւն բերին յիշատակութեան այս արարողութեան։ Ներկաներու կարգին էին Դանիէլ Վարուժանի ազգականները, համայնքային շրջանակներու ծանօթ տէր եւ տիկին Սերովբէ Չուպուքերեանը, Սեւ ծովու տնտեսական խորհուրդի Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչներ Միքայէլ Վարդանեան եւ Արմէն Ոսկանեան, Վազգէն Պարըն, Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի անդամները՝ Աբիկ Հայրապետեանի գլխաւորութեամբ, նաեւ ուսուցիչներ եւ հայ մշակոյթի սիրահարներ։
Օրուան բանախօսն էր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նարօտ Էրքօլ, որ հնչեղ ձայնով, տիրական արտայայտութեամբ եւ անթերի հայերէնով, յիշեց մեր անմահ բանաստեղծին կեանքի դրուագները, իրեն վիճակած դժխեմ ճակատագիրը, ստեղծագործական հարուստ աշխարհը, եւ ապա հրաւիրեց Սերովբէ Չուպուքերեանը, որ վերցնէ յուշադամբանը ծածկած քօղը։ Չուպուքերեան, խորապէս յուզուած՝ կատարեց այդ պատուաբեր պաշտօնը, յետոյ պատուանդանին առջեւ գալով, արցունքը աչքին, յուզիչ նախադասութիւններով յիշեց իր ընտանիքէն իրեն փոխանցուած խօսքերը՝ Դանիէլ Վարուժանի մասին։
Նարօտ Էրքօլ տպաւորիչ արտայայտութիւններով կրկին բնութագրելէ ետք Դանիէլ Վարուժանի կերպարը՝ հրաւիրեց դերասան Պօղոս Չալկըճեանը, որպէսզի ընթերցումի ձեւով եւ թատերական արտայայտչականութեամբ ներկայացնէ Հայաստանցի գրագիտուհի Լարիսսա Ամոյեանի կողմէ Դանիէլ Վարուժանի մասին գրուած յօդուածը։
Հայաստանցի գրագիտուհին իր այդ յուզիչ յօդուածը գրի առած էր՝ թափ տալով իր երեւակայութեան։ Ան երեւակայած էր Դանիէլ Վարուժանի կանխատեսութիւնը՝ ճակատագրական իր վախճանին մասին, դէպի մահ երթալու սեմին իր ներաշխարհի փոթորկումները, անձկալից տագնապալի վայրկեանները, եւ նկարագրած էր տարաբախտ բանաստեղծին՝ իր ընտանիքէն հրաժեշտ առնելու ողբերգական պահերը։
Պօղոս Չալկըճեան, սրտակեղեք սարսուռներ եւ յուզական փոթորկալի զգացումներ թարմացնելով ներկաներու սրտերուն մէջ՝ արտակարգօրէն տպաւորիչ կերպով ներկայացուց այդ գրութիւնը։ Մէջ ընդ մէջ, Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» գիրքէն բանաստեղծութիւններ կարդաց Բագրատ Էսթուքեան։
Նարօտ Էրքօլ աւարտին բերաւ իր խօսքերը՝ արտասանելով Պետրոս Դուրեանի «Իմ մահը» բանաստեղծութեան վերջին քառեակը, որուն մէջ կը հաստատուի, թէ մահը իրական կը դառնայ այն ատեն միայն, երբ մահացողին յիշատակը թառամի։
(Քաղուած ՄՊՅի թղթակցութենէն)
(ՀԱՅԱՍՏԱՆ)