ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Ապրիլ 23ին, համալսարանին Ազատ Արտայայտութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման գլխաւոր ձեռնարկը, որուն կազմակերպման իր օժանդակութիւնը բերաւ նաեւ համալսարանին Ուսանողական միութիւնը:

Հայ ուսանողներու եւ հայկական համայնքին ներկայացուցիչներուն կողքին, մեծ թիւով ոչ հայ ուսանողներ եւս ներկայ էին ոգեկոչման ձեռնարկին, որու ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական ծրագիր մը: Գլխաւոր բանախօսն էր Ֆրեզնոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ատրէաս Պորկէասը:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Հայ ուսանողական միութեան ներկայացուցիչներ եւ համալսարանի Հայագիտական բաժանմունքէն դոկտ. Սերճիօ Լա Փորթա եւ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան:
Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ «Չարլի Քէյեան» վարժարանի հինգերորդ եւ վեցերորդ կարգի աշակերտները, հրամցնելով «Անպատասխան հարցը» բանաստեղծութիւնը եւ «Հայ ենք մենք» երգը: