Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 38րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 12 Մայիսին, առաւօտեան ժամը 10։30ին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց միօրեայ համագումար՝ նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, եւ մասնակցութեամբ թեմի միաբան հայրերուն եւ քահանայից դասուն։
Համագումարէն առաջ, «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ կատարուեցաւ Գիշերային եւ Առաւօտեան ժամերգութիւն։ Արարողութեան աւարտին, հոգեւոր խորհրդածութեան պահը առաջնորդեց Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանը՝ վեր առնելով Յիսուսի պատուէրը, որ տրուած է առաքեալներուն եւ անոնց միջոցաւ նաեւ՝ այսօրուան հոգեւորականներուն. «Գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք»։ Ան խօսեցաւ քարոզելու հասկացողութեան եւ անհրաժեշտութեան մասին:
Ժամը 12ին համագումարը սկսաւ իր աշխատանքներուն։ Առաջնորդը նախ ողջունեց բոլոր հոգեւոր հայրերը, գնահատեց անոնց նուիրումն ու մատուցած ծառայութիւնը, ապա Մաղաքիա արք. Օրմանեանի «Խոհք եւ խօսք» գիրքէն հատուած մը կարդալով՝ խօսեցաւ բնական, բանական եւ բարոյական սկզբունքներու մասին, բոլորը հրաւիրելով իրենց կեանքերը դիտելու այս երեք յոյժ կարեւոր սկզբունքներու պրիսմակին ընդմէջէն։
Առաջնորդը նաեւ թեմական աշխատանքներու համապարփակ ներկայացումը կատարեց՝ սկսելով հոգեւոր-արարողական կեանքէն, ժողովուրդին հետ քահանայից յարաբերութենէն, հասնելով երիտասարդաց խմբակներու եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու աշխոյժ գործունէութեան՝ թեմը երիտասարդ ու լաւապէս պատրաստուած նոր քահանաներով օժտելու աշխատանքներուն մասին։
Ապա կատարուեցաւ դիւանի ընտրութիւն, որուն անդամ ընտրուեցան Եփրեմ արք. Թապագեան՝ ատենապետ, եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան՝ ատենադպիր։ Ատենապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, իրեն տուած ժողովին մասնակցելու հրաւէրին եւ թեմէն ներս անոր տարած կայտառ աշխատանքին համար, ապա կոչ ուղղեց քահանայ հայրերուն, որ լաւագոյնս յագուրդ տան ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային պահանջքներուն։
Ա. նիստի ընթացքին, ներկայացուեցաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովին յղուելիք Կրօնական ժողովի տարեկան տեղեկագիրը։ Կէսօրին, սիրալիր մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ։
Համագումարի երկրորդ նիստը սկսաւ յետմիջօրէին։ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան ներկայացուց դասախօսութիւն-զրոյց մը՝ նիւթ ունենալով «Հովիւը եւ եկեղեցական արարողութիւնները»։ Ան շեշտեց կարեւորութիւնը հայ հոգեւորականին կոչումին եւ ծիսական արարողական կեանքի անթերի ու գրաւիչ ներկայացման։
Ապա տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողով։ Առաջնորդն ու քահանայ հայրերը զեկոյցներ տուին յառաջիկային տարուելիք աշխատանքներուն մասին։ Կատարուեցաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի եկեղեցական երեսփոխաններու ընտրութիւնը, եւ բանաձեւուեցան համագումարին ներկայացուելիք առաջարկները։
Համագումարի վերջին բաժինով նկատի առնուեցան յառաջիկայ ամիսներու աշխատանքներու գլխաւոր հանգրուանները եւ յատկապէս 2010 Հայ կնոջ նուիրուած նոր ծրագիրներ:
Եզրափակիչ խօսքով, առաջնորդը գնահատեց համագումարին մասնակցող հոգեւոր հայրերը՝ կոչ ուղղելով բոլորին դրական հոգիով ապրելու եւ բացարձակ բծախնդրութեամբ կատարելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 5ին, վերջ գտաւ քահանայից համագումարը՝ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականի միատեղ երգեցողութեամբ եւ առաջնորդին «Պահպանի»չով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.