ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ կազմակերպած է համայնքային դասախօսական ձեռնարկ մը, որ նուիրուած է կաթուածներու կանխարգիլման նիւթին: Կիրակի, Մայիս 22ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն մինչեւ կէսօր կայանալիք ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան բժիշկներ Ներսէս Սանոսեան եւ Արփի Օհանեան:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ տարեցներու «Ճոսլին» կեդրոնին մէջ (1301 W. Olive Ave., Burbank, CA 91506):
Դասախօսական սոյն ձեռնարկը կը հովանաւորեն Լոս Անճելըս գաւառի Կանանց առողջապահութեան գրասենեակը, Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութիւնը եւ Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.