ՄԱՐԻ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
Մարտ 27ին, «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, 47 անդամներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի ամսական ճաշկերոյթը՝ հովանաւորութեամբ Անուշ եւ Տիգրան Ֆուրունճեաններուն, ի յիշատակաց իրենց ծնողաց Հրանուշ Փիլաւեանի ու Պարգեւ Ֆուրունճեանի, ինչպէս նաեւ Ծովիկ Ֆուրունճեանի առողջութեան համար:
Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, օրհնելով սեղանն ու սեղանակիցները՝ յատուկ աղօթք մատուցեց միութեան շարքերէն յաւէտ բաժնուած Զարուհի Խաչերեանի յիշատակին: Ատենապետ Ս. Գահվէճեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցելու, ապա հրաւիրեց օրուան երգիչը՝ Անդրանիկ Մաթոսեանը, որ գեղեցիկ երգերով խանդավառեց ներկաները: æութակի վրայ անոր ընկերակցեցաւ ատենապետը:
Ս. Յարութեան տօնին առթիւ, Մարի Գարալեան, Վարդուհի Սեմերճեան, Լուսին Թաշճեան, Մարի Հելվաճեան հիւրերուն բաժնեցին գունաւոր հաւկիթներ, իրենց ամուսիններուն հոգիներուն համար:
Ապա տեղի ունեցաւ անվճար վիճակահանութիւն՝ բախտաւորելով 5 անդամներ, որմէ ետք երգիչ Ա. Մաթոսեան արաբերէն երգերով խանդավառեց ներկաները:
Ներկաներուն փափաքին ընդառաջելով՝ ատենապետը երգեց միութեան քայլերգը՝ «50 տարին», զայն բարեփոխելով «100 տարի»ի, որուն շնորհիւ ծափերով թնդաց սրահը:
Մինչեւ ժամը 3:15 տեւած ճաշկերոյթէն ետք հիւրերը մեկնեցան գոհ եւ զուարթ տրամադրութեամբ: