ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մայիս 14ին, Երեւան կը ժամանէ Միացեալ Նահանգներու պետական փոխքարտուղարի տեղակալ Թինա Քէյնթենաուն:
Մայիս 12ին, Թ. Քէյթենաուն միօրեայ այցով մեկնած էր Ատրպէյճան եւ հանդիպումներ ունեցած էր Ատրպէյճանի նախագահին ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:
Ըստ ատրպեճանական լրատուամիջոցներու, Քէյթենաուն յայտարարած է, թէ «Մեր հետաքրքրութիւնները կը համընկնին շատ հարցերու շուրջ, ինչպէս Հարաւային միջանցքի նաւթակազային նախագիծերու անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ աշխատանքը, եւ ահաբեկչութեան ու ծայրայեղութեան դէմ պայքարը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.