ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, Մայիս 12ին կայացած է Տիգրան Մեծ արքայի ծննդեան 2150ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն շարքի բացման արարողութիւնը, որուն ընթացքին ԵՊՀ ղեկավար Արամ Սիմոնեան յայտնած է, թէ «Տիգրան Մեծի դերակատարութիւնը, նրա մեծ գործը միտուած է եղել դարերին եւ այսօր էլ այդ գործի նշանակութիւնը մենք զգում ենք մեր վրայ»: Ան նշած է, որ Տիգրան Մեծ մեր պատմութեան ամենապայծառ անձն է, որ եղած է ամենամեծ քաղաքական գործիչներէն մէկը: «Անհրաժեշտ է, որպէսզի մենք նման հզօր անհատականութիւնների ճիշդ գնահատականը տանք եւ նրանց օրինակը դարձնենք ոչ միայն զէնք, սուր, այլ նաեւ վահան», ըսած է Ա. Սիմոնեան՝ համոզմունք յայտնելով, որ մեծ թագաւորին նուիրուած հանդիսութիւնները պէտք է ունենային շատ աւելի լայն ընդգրկում: «Յուսանք, որ մեր յաջորդ սերունդը հայոց թագաւորի 2175ամեակը կը տօնի ըստ արժանւոյն եւ համապատասխան գիտական եզրակացութիւններ կ՛անի», ըսած է ԵՊՀ ղեկավարը։
Հանդիսութեան նախաձեռնող, ԵՊՀ Հայոց պատմութեան բաժնի վարիչ Արտակ Մովսիսեան նշած է, որ Տիգրան Մեծ արքային բնութագրող յատկանիշներէն են հայրենապաշտութիւնը, անպարտելիութիւնը, քաղաքական գործիչի ճկունութիւնը եւ քաջութիւնը: «Դեռ Պարթեւստանում նա 20-25 տարուան հեռաւորութեամբ ծրագիր էր կազմել եւ իրականացրեց այդ ծրագիրը», ըսած է Ա. Մովսիսեան:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան ըսած է, որ այս արքան մեծ դիւանագէտ է, ինչպէս նաեւ՝ ռազմական ու քաղաքական գործիչ, շեշտելով, որ Տիգրան Մեծը նշանաւոր է նաեւ իր մեծ ներդրումներով գիտութեան ու քաղաքակրթութեան բնագաւառներուն մէջ:
«Տիգրան Մեծը հայրենապաշտ արքայի իտէալ է: Նա առաջին անգամ Հայաստանի պատմութեան մէջ եռապատկեց մեր տարածքը՝ ստեղծելով աշխարհակալ տէրութիւն», իր կարգին ըսած է պատմութեան բաժնի տնօրէն Էտիկ Մինասեան:
Մասնակիցներու զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցած է «Տիգրան Մեծ. Հայրենապաշտ տիրակալը» շարժապատկերի ցուցադրութիւնը, որ հայոց մեծ արքայի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող միակ շարժապատկերն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.