ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Իրատեսութիւն»ը, կախարդական բառի մը պէս, միշտ ալ օգտագործուած՝ քաշքշուած ու չարչրկուած է հայ քաղաքական մտքի այն հոսանքներուն կողմէ, որոնց համար պատեհապաշտութիւնը, յարմարուողականութիւնն ու համակերպումը աւետարանի գերագոյն պատգամ եւ անփոխարինելի իմաստութիւն… եղած են։
Յանուն «իրատեսութեան»՝ ստրկական համակերպումի այդ խօսնակները հայ յեղափոխականներուն «զսպուածութեան» եւ «խոհեմութեան» դասեր կու տային 1890ականներուն, երբ թրքական եաթաղանը արդէն սկսած էր հարիւր–հազարաւոր անզէն հայերու արիւն հեղել՝ արագացնելու համար հայ ժողովուրդի բնաջնջումն ու Հայաստանի հայաթափումը, Հայկական Հարցէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու համաթրքական մոլուցքով։
Չարագործ «Այն ձեռքը, որ չես կրնար կտրել, համբուրէ եւ գլխուդ դիր» քարոզելով՝ պարտուողական համակերպումի նորընծայ «դրօշակիրներ», 1920ականներուն, վերստին խաչ կը բարձրացնէին հայ ազգային–քաղաքական իրատեսութիւնը, Հայաստանին պարտադրուած խորհրդային լուծին հաշտուելու «իմաստութիւն»ը բաշխելով Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր ժողովուրդին։
Եկան 1970ականները եւ ի տես Հայ Դատին շուրջ քաշուած Լռութեան Պատը քանդելու հայ մարտիկներու ուժական պայքարին շղթայազերծման ու ծաւալումին՝ «իրատեսութեան» նորակոչ «յառաջապահներ», որոնց շարքին նաեւ միջազգային համբաւ վայելող հայազգի արժէքներ, սկսան ահազանգ հնչեցնել, թէ զգո՜յշ, հայերս հիւրընկալած պետութեանց աչքին մի՛ արատաւորէք օրինապահ, խաղաղասէր եւ շինարար հայուն անունը… Ի՜նչ փոյթ, որ այդ ժամանակ, իրենց հայ քաղաքացիներուն արդար պահանջատիրութեան ձայնը լռեցնելու գնով՝ Եղեռնէն ճողոպրած հայութիւնը հիւրընկալած պետութեանց իշխանութիւնները կը մերժէին ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստն անգամ։
Թեւակոխեցինք Հայաստանի ու հայութեան պատմական ներկայ դարաշրջանը, երբ Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնման դժուարին ճամբուն վրայ, յատկապէս թշնամական հարուածներու եւ հակահայ ճնշումներու դիմագրաւման ծանր պահերուն, դարձեալ գլուխ ցցեց «իրատեսութեան» միեւնոյն ուրուականը, այս անգամ «միջազգային ընդհանուր հոսանքին դէմ չերթալու» եւ թուրքեւազերի «մեր հարեւաններուն հետ լեզու գտնելու» համակերպումին «իմաստութիւնը»… գովազդելով։
Եւ այսօր, արագ հաղորդակցութեան միջոցներու գերարդիական կատարելագործման պայմաններուն մէջ, ամէն քայլափոխի դէմ յանդիման կու գանք, յանուն «իրատեսութեան» եւ մասամբ նորին, մեր ժողովուրդին առջեւ անձնատուութեան ուղին հարթելու ելած նորագիր դասալիքներու։
Այո՛, դասալքութեան նեխած հոտը կու գայ «իրատեսութեան» մերօրեայ քարոզներէն, որովհետեւ անոնց առաջադրած ուղիներէն եւ ոչ մէկը կ՛առաջնորդէ դէպի ազգային ու պետական նոր իրագործումներ եւ նուաճումներ, որոնք պիտի ծառայեն հայկական դիրքերու ամրապնդումին՝ թէ՛ անցեալին ոտնակոխուած մեր իրաւունքներու վերականգնման, թէ՛ վերջին երեսնամեակին այնքան մեծ զոհողութիւններով ու պայքարով ձեռքբերուած յաջողութիւններու ամրապնդման ճակատներուն վրայ։
Դասալքութենէ տարբեր ի՛նչ ելք կ՛առաջադրէ ոմանց այն «իրատեսութիւնը», որ միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքականութեան հազարումէկ աղբիւրներէ ջուր կը հասցնէ՝ Ատրպէյճանի հետ լեզու գտնելու այժմու «յարմար պահը» չկորսնցնելու իր «իմաստութեան» հիմնաւորումին համար։ Խախուտ հիմերու, այլեւ աւազի վրայ կառուցուած «իմաստութիւն» մը, որ ազատագրեալ տարածքներէն զիջումներով կը յուսայ ապահովել Արցախի անկախութեան եւ Հայաստանի հետ միացման իրաւունքին ճանաչումը Ատրպէյճանի եւ, այնուհետեւ, Թուրքիոյ ու միջազգային ընտանիքին կողմէ։
Եթէ իրատեսութեան ցորենի չափ հատիկ մը իսկ ունենար իր մէջ՝ տարածքի դիմաց ճանաչում ապահովելու այդ քաղաքականութիւնը, անոր մերօրեայ անիրատես ջատագովները անպայման պիտի տեսնէին եւ անդրադառնային, թէ նաեւ մեր օրերուն, քաղաքական առեւտուրի սեղաններուն շուրջ, բանակցողները չեն ներկայանար զիջումներու յառաջագունէ պարտուած խաղաթուղթով, այլ՝ կը ներկայանան իրաւունքի եւ օրինական պահանջի յաղթաթուղթով։
Փաստօրէն անիրատեսութեան եւ անձնատուութեան տուրք կը վճարեն այն պնդումները, թէ Ատրպէյճանի հետ լեզու գտնելու «յարմար պահը հիմա է», երբ ոչ միայն Պաքու, այլեւ ուղղակիօրէն իրեն նեցուկ կանգնող Անգարան կը շարունակեն առաջնահերթ նշանակութիւն տալ Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան պահպանումին»։ Իսկ մեծապետական ուժի կեդրոնները դեռ վերջնականապէս վճռահատած չեն այն հանգուցային խնդիրը, թէ Արցախեան Հարցի կարգաւորման միակ ուղին Ազգային Ինքնորոշման Իրաւունքի միջազգային նուիրագործումն է։
Նոյնպէս դասալքութեան կը յանգի, ի վերջոյ, այլոց այն «իրատեսութիւնը», որ կը յորդորէ ամէն գնով շարունակել Թուրքիոյ հետ մերձեցման եւ Հայաստանի կողմէ բարեացակամութեան դրսեւորման քաղաքականութիւնը, որպէսզի Անգարա ստիպուի վերջ տալ Հայաստանի շրջափակումին եւ… բանայ ցամաքային սահմանը Հայաստանի հետ։
Իրատեսական ի՛նչ հիմք ունի առաջադրուած իբր թէ «իրատես» այդ քաղաքականութիւնը, երբ կեանքի դպրոցն իսկ – քաղաքական թէ դիւանագիտական ուսման բոլոր կաճառներէն առաջ եւ վեր – կը սորվեցնէ, որ ոչ ոք այդպէս՝ միայն բարեացակամութեան դրսեւորումներէն կակուղցած կամ տարուած, բան կու տայ դիմացինին։
Այդպէ՛ս, միայն բարեացակամութեան դրսեւորումներով չ՛առաջնորդուիր մանաւանդ Թուրքիան, որ ոչ միայն ժառանգորդն է հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործադրած պետութեան, ոչ միայն շարունակողն է Հայոց Ցեղասպանութեան Մեծ Ուրացումին, այլեւ՝ մեր օրերուն եւ աշխարհի անտարբեր աչքերուն առջեւ իրագործողն է միջազգային կարգն ու կանոնը ոտնակոխող Հայաստանի շրջափակումին։
Դաժան իրականութիւնը այն է, որ Հայաստան բարի կամեցողութենէն անդին անցնող գին մը պէտք է վճարէր Թուրքիոյ, որպէսզի Անգարա վերանայէր Հայաստանի հետ ցամաքային սահմանը փակելու եւ ընդհանրապէս դիւանագիտական յարաբերութիւնները պաշտօնապէս խզելու իր որոշումը։
Հայաստան անշուշտ չէր կրնար ընդառաջել Արցախին վերատիրանալու Ատրպէյճանի կամակոր պահանջներուն եւ, հետեւաբար, այդ ճակատին վրայ գրաւիչ որեւէ խայծ չէր կրնար հրամցնել Թուրքիոյ։
Կը մնար միւս ընտրանքը. Հայաստան կրնար մեծապետական ուժերուն հրամցնել հայեւթուրք յարաբերութեանց անցեալի ծանր էջը փակելու եւ երկխօսութեան ու մերձեցման նոր էջ մը բանալու պատրաստակամութիւնը, որպէսզի Անգարայի վրայ մեծապետական ճնշումները ուժեղանային եւ Թուրքիա, սահմանը բանալու եւ բնականոն դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու բարեացակամութեամբ փոխադարձէր Հայաստանի… բարեացակամութեան։
Բայց այդ ելքն ալ իրատեսական չէր եւ ի վերջոյ յանգեցաւ անելի, երբ մեծապետական ուժերը չկրցան բաւարարել Թուրքիոյ պահանջերը՝ թումբ կանգնելու Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման յարաճուն ալիքին դէմ։ Թէեւ մեծապետական դիւանագիտութիւնը կրցաւ Հայաստանէն ապահովել յաւելեալ պատրաստակամութիւն՝ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը հայեւթուրք յարաբերութեանց օրակարգէն դուրս ձգելու, միջազգային առկայ սահմանները ճանչնալու եւ մինչեւ իսկ յօժարելու, որ պատմական հարթութեան հարցերու շուրջ պատմաբաններու միջ–պետական խառն ենթայանձնաժողով մը կազմուի, այսուհանդերձ՝ հայկական բարեացակամութեան ամէն սահման գլած–անցած այդ զիջումները դարձեալ բաւարար չնկատուեցան Թուրքիոյ վարիչներուն կողմէ։
Անգարա անդրդուելի մնաց իր այն պահանջին վրայ, որ պատմաբաններուն պէտք է վստահիլ վճռահատումը պատմական փաստերուն եւ ըստ այնմ հաստատել պատմական ճշմարտութիւնը։
Ա՛յս աստիճան անիրատես էր յանուն «իրատեսութեան» առաջադրուած ամէն գնով Թուրքիոյ մերձենալու եւ ցամաքային սահմանի վերաբացումը ապահովելու քաղաքականութիւնը։
«Իրատեսութեամբ» եւ մասամբ նորին՝ հայ քաղաքական միտքը ապրեցաւ վերջին քսանամեակի իր ամէնէն ծանր ցնցումը։
Աւելի՛ն. Հայ քաղաքական մտքի հետագայ քայլերուն առջեւ եւս լիովին ականազերծուած չէ ուղին։
Աշխարհաքաղաքական մեծ խաղին մէջ Հայաստանն ու հայութիւնը արտաքին ոչ մէկ երաշխիք ունին, որ ապահովագրուած են անարդար դասաւորումներու եւ հայավնաս ճնշումներու վտանգներուն դէմ։
Միակ ապահով երաշխիքը հայ քաղաքական մտքի իրատեսութիւնն է՝ սեփական դիրքերու եւ ուժի կռուաններու ամրապնդումով յառաջանալու վերիվայրումներով յղի այս տարածաշրջանին մէջ։
Պատմական դաժան եւ դառնագոյն կենսափորձով ձեռք բերուած իրատեսութիւն մը, որ պէտք է պաշտպանուի, առաջին հերթին, պարտուողական համակերպումի եւ դասալքութեան հետեւանքը եղող, բայց «իրատեսութեան» անունով հրամցուող խոտորումներուն դէմ։