ՍԱՕ ՓԱՈՒԼՕ.- Ապրիլ 22-24ին, Պրազիլի Սաօ Փաուլոյի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային իւրայատուկ գիտաժողով մը՝ նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին:
«Արդի ժամանակներու ցեղասպանութեան նախատիպարը» խորագրուած գիտաժողովին մասնակցեցան Արժանթինէն, Հայաստանէն, Պրազիլէն, Գանատայէն, Զուիցերիայէն, Թուրքիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն մտաւորականներ:
Գիտաժողովը կազմակերպուած էր վերոյիշեալ համալսարանի Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան ուսմանց բաժանմունքին, Սաօ Փաուլոյի նահանգային իշխանութեանց, Սաօ Փաուլոյի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին ու «Զօրեան» հիմնարկի համատեղ ջանքերով:
Գիտաժողովի բացումը կատարեց Հարաւային Ամերիկայի մեծագոյնը հանդիսացող սոյն համալսարանի պատմութեան բաժանմունքէն փրոֆ. Մարիա Լուիզա Թուչի Քրինիյերօ, ապա՝ նոյն համալսարանի դասախօսներէն եւ Պրազիլի արտաքին գործոց ու առեւտուրի նախկին նախարար դոկտ. Քելսօ Լաֆեր, որ տպաւորիչ ելոյթ մը ունենացաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու կարեւորութեան մասին:
Իր կարգին, Ժողովուրդներու մնայուն դատարանէն օրէնսգէտ եւ համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքէն դոկտ. Տալմօ Ապրէու Տալարի խօսեցաւ ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը (1985ին) ապահովելու աշխատանքներուն եւ այդ որոշումին կարեւորութեան մասին:
Ապա, «Զօրեան» հիմնարկի տնօրէն Կրեկ Սարգիսեան բացատրեց գիտաժողովին խորագրին իմաստը՝ տալով «ցեղասպանութիւն» բառին ընդհանուր մեկնաբանութիւնը եւ աւելցնելով, որ փրոֆ. Ռապըրթ Մելսընի բնուդագրումով, Հայկական Ցեղասպանութիւնը դարձած է արդի ժամանակներու ցեղասպանութեան նախատիպարը: Ապա ան նկարագրեց Ցեղասպանութեան իրադարձութիւնները եւ յիշեցուց փրոֆ. Ռաճըր Սմիթի այն եզրակացութիւնը, թէ ցեղասպանութեան ուրացումը կը հանդիսանայ ցեղասպանական արշաւին մէկ մասը՝ անոր վերջին հանգրուանը: Այս առիթով, ան կոչ ըրաւ Պրազիլի իշխանութեանց, որ պաշտօնապէս ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Իր կարգին, Ալապամայի համալսարանէն փրոֆ. Սթիւըն Ճէյքըպզ խօսեցաւ «ցեղասպանութիւն» բառը առաջին անգամ գործածած Ռաֆայէլ Լեմքինի աշխատանքին մասին, յիշեցնելով, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնն ու անոր անպարտ արձակումը մեծ ազդեցութիւն ունեցած էր Լեմքինի վրայ, որ այդ օրէն վճռած էր աշխատանք տանիլ ցեղասպանութեանց պատասխանատուները պատժելու նպատակով՝ միջազգային օրէնք մը մէջտեղ բերելու համար:
Ապա, Նոշաթելի համալսարանէն (Զուիցերիա) Իրաւաբանութեան իմաստասիրութիւն բաժանմունքի դասախօսներէն դոկտ. Սեւան Ղարիպեան բացատրեց, թէ ինչպէս Հայկական Ցեղասպանութիւնը միջազգային օրինական համակարգէն ներս «մարդկութեան դէմ ոճիր»ի արդի գաղափարին գոյացման նպաստած է: Ան նաեւ յիշեցուց Մայիս 24, 1915ին կատարուած Դաշնակից ուժերու այն յայտարարութիւնը, որ Օսմանեան իշխանութիւնները պատասխանատու կը համարէ հայերուն դէմ ջարդերուն համար՝ ջարդերը մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ ոճիրներ նկատելով:
Իր կարգին, Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին զանազան հատորներ հրատարակած Ռակիփ Զարաքօլու խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ եւ Անգարայի իշխանութեանց համակարգումով աշխարհի տարածքին շարունակուող Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու արշաւին մասին՝ զուգահեռներ գծելով մէկ կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն ցուցաբերուած վերաբերմունքին, իսկ միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ քիւրտերուն եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ քայլերուն միջեւ:
Ապա ելոյթ ունեցաւ փրոֆ. Մարիա Լուիզա Թուչի Քրինիյերօ, որ նախ Պրազիլի դիւանագիտական արխիւներուն եւ մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներու հիման վրայ հաստատեց, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ներկայ ցեղասպանութեանց նախատիպարը եղած է, ու ապա խօսեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ Պրազիլի իշխանութեանց որդեգրած կրաւորական կեցուածքին մասին:
«Փըրտու» համալսարանէն փրոֆ. Ռապըրթ Մելսըն, իր կարգին, պաշտպանեց իր ներկայացուցած այն թէզը, որ դարձած էր սոյն գիտաժողովին խորագիրը՝ կատարելով բաղդատական հետաքրքրական քննարկում մը Հայկական Ցեղասպանութենէն առաջ ու անկէ ետք տեղի ունեցած սպանդներուն մասին:
Ապա, «Զօրեան» հիմնարկի Ցեղասպանական ուսմանց բաժնի վարիչ Վահագն Տատրեան խօսեցաւ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ ազգային եւ միջազգային օրէնքի կրկնակի հարց» նիւթին մասին: Ան նախ ներկայացուց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք կարգ մը պատասխանատուներու դատավարութիւնը՝ թրքական զինուորական ատեաններու մէջ, որմէ ետք անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային օրէնքի հիմամբ՝ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները դատապարտելու կարելիութեանց մասին:
Այնուհետեւ, Սաօ Փաուլոյի «Քամփինաս» համալսարանի գրականութեան բաժանմունքէն դոկտ. Մարսիօ Սելիկման-Սիլվա խօսեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներու կարեւորութեան եւ անոնց դիմագրաւած ահաւոր դժուարութեանց մասին՝ մանրամասնելով զոհի իրավիճակէն պարզ քաղաքացիի մը վերածուելու գործընթացին տարբեր հանգրուանները, որոնց մէջ ամենադժուարը զոհին եւ Ցեղասպանութիւնը ուրացողին միջեւ բախումն է:
Իր կարգին, «Ուիլեըմ եւ Մէրի քոլեճ»էն պատուոյ փրոֆ. Ռաճըր Սմիթ, որ նաեւ «Զօրեան» հիմնարկի Ուսումնական վարչութեան ատենապետն է, խօսեցաւ «Յիշողութիւն եւ ուրացում» նիւթին մասին՝ շեշտելով, անցեալի ոճիրները յիշելու եւ անոնցմէ դասեր քաղելու կարեւորութիւնը, որպէսզի մարդկութեան դէմ նման ոճիրներ չկրկնուին: Ան նաեւ ըսաւ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յստակօրէն ցոյց կու տայ քաղաքական նպատակներով ու զանազան ճնշումներու միջոցաւ պատմութիւնը յեղաշրջելու վտանգը, աւելցնելով, թէ ոչ մէկ այլ երկիր այսքան ջանք թափած է իր պատմութեան մութ էջերը ծածկելու համար: Ան նաեւ քննադատեց Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Իսրայէլի եւ այլ երկիրներու կառավարութիւնները, որոնք, տեղի տալով Թուրքիոյ ճնշումներուն՝ կը մերժեն ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Ապա, Պուենոս Այրեսի «Սան Անտրէաս» համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց դասախօս փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան խօսեցաւ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային ուժերու յարաբերութիւնները» նիւթին մասին, յիշեցնելով, թէ ինչպէս 19րդ դարուն եւրոպական ուժերը Օսմանեան կայսրութեան ոչ իսլամ փոքրամասնութեանց իրաւունքները պաշտպանելու համար միջամուխ եղած էին այդ կայսրութեան ներքին հարցերուն, իսկ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Դաշնակից ուժերը փորձած էին միջազգային առաջին մարդասիրական միջամտութիւնը իրագործել՝ սպառնալով Երիտասարդ թուրքերը, թէ պիտի պատժուին իրենց ոճիրներուն համար: Սակայն պատերազմէն ետք հարցը մոռցուած էր մինչեւ 1965, երբ հայութիւնը սկսաւ իր սեփական ուժերով արդարութեան վերահաստատում պահանջել:
Նաեւ, Վըրճինիա Քամընուելթ համալսարանէն կառավարական եւ հանրային հարցերու դասախօս փրոֆ. Հըրպըրթ Հիրշ ներկայացուց ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու մասին իր նիւթը՝ դասեր քաղելով Հայկական Ցեղասպանութենէն: Ան խօսեցաւ ցեղասպանութիւնները պատժելու միջազգային համակարգ մը ստեղծելու դժուարութեանց մասին, մատնանշելով այն իրողութիւնը, որ միջազգային իրաւական համակարգն ու յարաբերութիւնները նախապատուութիւն կու տան պետական ինքնիշխանութեան իրաւունքին եւ ազգային շահերուն:
Վերջապէս, Սաօ Փաուլոյի համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքէն դասախօս դոկտ. Անիթա Նովինսքի խօսեցաւ ցեղասպանութիւն իրագործողներուն դրդապատճառները հետազօտած ուսումնասիրութիւններու մասին՝ միաժամանակ շեշտելով կրթութեան կարեւոր դերը նման ոճիրներ կանխարգիլելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մէջ: 20րդ դարու ցեղասպանութեան գլխաւոր պատճառը ազգայնամոլութիւնը նկատելով՝ ան շեշտեց, թէ փոքր տարիքէն պէտք է աշակերտներուն սորվեցնել «մարդկային կեանքին սրբութիւնը», որպէսզի անոնք դիւրութեամբ չմոլորին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.