«Ապրիլ է դարձեալ։ Ամիս, որուն ընթացքին աշխարհասփիւռ հայ մարդը կ՛ապրի յատուկ եւ զգայուն հոգեվիճակ, իբրեւ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ճաշակած ժողովուրդի զաւակներ՝ սպասելով արդարութեան եւ հատուցման։

«95 տարիներ անցած են այդ օրերէն. սակայն 95 երկար տարիները ոչ միայն չեն կրցած մթագնել մեր յիշողութիւնը եւ չեն տկարացուցած մեր կամքը, այլեւ աւելի ուժգին ու բազմաճակատ դարձուցած են մեր պայքարը ի նպաստ մեր արդար Դատին:
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր հարիւրքսանամեայ երթով միշտ արթուն պահակը եղած է մեր ազգային իրաւունքներու պահպանման՝ պայքարելով Թուրքիոյ ուրացման քաղականութեան դէմ, եւ մեծ պետութիւններու քաղաքական հաշիւներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պահելով այժմէական։ Սակայն վերջին շուրջ մէկ ու կէս տարիներուն ընթացքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պարտաւորուեցաւ պայքարիլ նաեւ ներքին ճակատի վրայ, ի տես մեր հայրենի իշխանութիւններուն առած արկածախնդիր ու անհեռատես քայլերուն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին ստորագրուած փրոթոքոլներուն գծով»։
ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի անդամ Քնար Գորթոշեան, այս բառերով դիմաւորեց «Աւետիսեան» սրահ մէկտեղուած աւելի քան 700 հայորդիները, որոնք ամէն տարուան նման եկած էին անգամ մը եւս ոգեկոչելու յիշատակը մեր 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի Յարաբերական յանձնախումբին կողմէ։

Դրօշակի արարողութեամբ ձեռնարկին բացումը կատարեցին ՀՄԸՄ «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտները փողերախումբի նուագակցութեամբ, որմէ ետք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգները երգեց Թուխման Խաչատուրեանը՝ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովիկ Քէօշկէրեանի։ Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը սկսաւ Տ. Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի աղօթքով։
Հանդիսավարը՝ ՀԵԴ «Սարդարապատ» ուխտէն՝ Լեւոն Շանթ Տէմիրճեան, երկլեզու փոխանցեց իր բարի գալուստի խօսքը, որմէ ետք հրաւիրեց ցեղասպանութենէն վերապրած Արշալոյս Գասպարեանը, որ կատարեց մոմավառութիւնը եւ «մեր ուխտ»ը սերունդէ-սերունդ փոխանցելու խորհրդանշական արարողութիւնը։ Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄի գայլիկները՝ հրամցնելով Սիմանաթոյի «Ափ մը Մոխիր» քերթուածն ու ազգային քանի մը երգեր։
ՀԵԴ «Սարդարապատ» ուխտը ներկայացուց հայ ժողովուրդի վրիժառու բազուկը հանդիսացող Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը, ուր Գերմանիոյ դատական ատեանն անգամ չկարենալով անտարբեր մնալ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ոճիրներուն՝ անպարտ արձակեց ազնիւ հայորդին։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ծանօթ գործիչ եւ ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի Կեդր. կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեան։ Ան իր պատգամը սկսաւ Գարեգին Նժդեհի հետեւեալ խօսքով.

«Հայրենիքի շէնքը պէտք չէ բարձրացնել օտարատեացութեան ժայռին վրայ, այո՛. բայց եւ այնպէս, հայութիւնը մինչեւ կատարածն աշխարհի պէտք չէ ներէ թրքութեան։ Եթէ այդ արնապարտ ցեղէն, որ կողոպտիչն ու սպաննիչը հանդիսացաւ անզէն հայութեան կէսին, եթէ օր մը անկէ բուռ մը անսուրբ մոխիր մնայ, այդ մերժելի մոխիրն իսկ դատի պիտի կանչել, անոր հետ նոյնիսկ դատաստանի պիտի նստիլ»։
Ստորեւ քաղուածքներ կը ներկայացնենք Յովան Թաշճեանի արտասանած խօսքէն.
«Որքան ալ տասնամեակները մեզ հեռացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թուականէն, նոյնիսկ եթէ հարիւրամեակ մ՛իսկ շրջի այդ ողբերգական թուականէն, ցեղասպան թուրքը չի՛ կրնար ու պիտի չկարենայ երբեք խուսափիլ Գարեգին Նժդեհի կողմէ այնքան սքանչելի կերպով բնութագրուած արդարութեան դատավարութենէն ու անողոք դատաստանէն։ Այսօր այդ դատաստանը կատարելու մեր իրաւունքը եւ վճռակամութիւնը վերահաստատելու օրն է»։
Ապա ընկերը ամփոփ կերպով անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան եւ անոր պատմական հոլովոյթին, Սփիւռքի մէջ անցնող տասնամեակներուն տարուած Հայ Դատի աշխատանքներուն, որոնց մէջ որոշադրիչ դերակատարութիւն ունեցած է ամերիկահայութիւնը։ Ապա ան յիշեց տարի մը առաջ, ճիշդ այս օրերուն, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ հրապարակուած «ճանապարհային քարտէս»ը, եւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սերժ Սարգսեանի վարած պարտուողական ու նուաստացուցիչ արտաքին քաղաքականութեան, հայկական դիւանագիտութեան կրած դառն պարտութեանց, ամերիկահայութեան վիճակուած քաղաքական ու ազգային դերին, երիտասարդութեան եւ մեր պահանջատիրական պայքարը առաւել ուժգնութեամբ շարունակելու վճռակամութեան։

«Տարի մը ամբողջ մեր ժողովուրդը խռովայոյզ օրեր ապրեցաւ։ Իր ընդվզումը, ցասումն ու բողոքը բարձրաձայն արտայայտեց՝ մերժելով Սերժ Սարգսեանի արկածախնդրութիւնը։ Տարի մը ամբողջ թրքական դաւադիր դիւանագիտութեան զոհը ըլլալէն ետք, փոխանակ միանգամընդմիշտ մերժելու ստորագրուած արձանագրութիւնները եւ ետ վերցնելու Հայաստանի ստորագրութիւնը, Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 22, 2010ին Հայ ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին ընթացքին յայտարարեց. «Վճռել ենք առայժմ դուրս չգալ գործընթացից, այլ միայն կասեցնել արձանագրութիւնների վաւերացման ընթացակարգը», այլ խօսքով՝ Էրտողանի նշած «ամէնէն դժուար պահուն սեղանէն» չհեռանալու տրամաբանութեան հետեւողութեամբ, Սերժ Սարգսեան Հայաստանն ու հայութիւնը կը շարունակէ պատանդ պահել միջազգային դերակատարներու հովանաւորութեամբ՝ թուրքերու հիւսած սարդոստայնին մէջ»։
«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տասնամեակներու աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, այսօր ամերիկահայութիւնը արդէն վերածուած է քաղաքական նկատառելի ուժի: Քաղաքական այդ ուժին եւ հեղինակութեան շնորհիւ է, որ Հայաստանը այսօր իր կողքին ունի իր ազգային անվտանգութեան ամենակարեւոր յենարաններէն մին՝ ամերիկահայութիւնը»։
«Շնորհիւ Հայ Դատի յանձնախումբի մեր սքանչելի տղոց ու աղջիկներուն տարած անդուլ աշխատանքին ու մեր ժողովուրդի մասնակցութեան, այսօր ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան ու Ծերակոյտին մէջ մենք ունինք հայկական հարցերուն նկատմամբ դրական տրամադրուած բազմաթիւ բարեկամներ, որոնք երկու օր առաջ՝ Ապրիլ 21ին, ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը եւ վերահաստատեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ներկայացուած թիւ 252 բանաձեւի վաւերացման իրենց յանձնառութիւնը։ Պատահական չէ, որ այսօր Քալիֆորնիոյ նահանգէն ծերակուտական Պարպարա Պաքսըրի գլխաւորութեամբ 14 ծերակուտականներ, նախագահ Պարաք Օպամայէն կը պահանջեն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այս մէկը վերահաստատումն է ամերիկահայութեան քաղաքական ուժին եւ անդուլ աշխատանքի յաջողութեան։ Երկրորդ տարին ըլլալով, նախագահ Պարաք Օպամա կը խուսափի իր նախընտրական խոստումը կատարելէն։ Անոր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ցեղասպանութեան բառի բացակայութիւնը չի վհատեցներ մեզ։ Մենք որոշած ենք շարունակել քաղաքական մեր աշխատանքները, մինչեւ որ Ֆրանսայի խորհրդարանին ու Ծերակոյտին օրինակով, Գանատայի ու այլ երկիրներու օրինակով, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը եւս պաշտօնապէս ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ իբրեւ ցեղասպան դատապարտէ դաշնակից Թուրքիան»:
«Օտար դիւանագէտներու կողմէ մեր ազգային ինքնասիրութիւնը շոյող հայանպաստ յայտարարութիւնները եւ վերջին տարիներուն մանաւանդ շարք մը երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աքթերը մեծ ոստում մըն են դէպի առաջ, որ մեզ կը մօտեցնեն մեր վախճանական նպատակին՝ Ամբողջական Հայաստանի կերտումին: Արդարութեան վերահաստատումը, սակայն, մեզի համար իր մէջ կը ներառնէ Հայ Դատի համապարփակ հասկացողութիւնը. այլ խօսքով, Ցեղասպանութեան ճանաչման պիտի յաջորդէ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը կամ վերադարձը իր պատմական իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ՝ Ցեղասպանութեան պատճառած նիւթական ու բարոյական կորուստներուն հատուցումը: Մեր ժողովուրդին համար ազգային պահանջատիրական այս սկզ-բունքները սրբազան արժէքներ են, որոնք նուիրագործուած են մեր նահատակներու կարմիր արիւնով ու խտացած են Միացեալ Հայաստանի տեսլականին մէջ»։
Ներկաները բուռն ծափահարութեամբ ողջունեցին Յովան Թաշճեանի պատգամը։
Ապա, ղեկավարութեամբ Ալֆրետ Մարտոյեանի եւ Քաթրին Հայրապետեանի, «Ֆերահեան» վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները եւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը ներկաներուն հրամցուցին ազգային երգերու եւ Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող պարերու փունջ մը՝ բուռն ծափահարութիւն խլելով ներկաներէն։ Իսկ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր սուրճի եւ խմորեղէնի հիւրասիրութիւնը։
Յայտագիրը վերջ գտաւ Աւօ Աշճեանի կողմէ ներկայացուած ազգային երգերով։