ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայերս անմիաբան ենք, հայերս իրարու օգնել չենք ուզեր, նախանձով կը նայինք մէկ այլ հայու յաջողութիւններուն: Ահա ինքնախարազանման ու ինքնանուաստացման ծառայող ընդհանրացումներ, որոնք կրնան իրական ըլլալ՝ խիստ պարագայական, այս կամ այն անձի նկարագրային իբրեւ գիծ, բայց բոլորովին կապ չունին մեր ազգային բնաւորութեան հետ:
Իրար օգնելու, իրարու թիկունք կանգնելու, ազգակիցին ցաւերը մեղմացնելու, անոր կարիքներուն հասնելու, անոր յաջողութեան նպաստելու օրինակները այնքան շատ են, որ անհեթեթ պէտք է ըլլայ զանոնք թուարկելու փորձութեան ենթարկուիլը: Միայն, ուղղակի առիթը չփախցնենք յիշելու այստեղ Հայ օգնութեան միութեան անունը՝ իբրեւ մէկը այն բազմաթիւ բարեսիրական միութիւններէն, որոնց նպատակը ազգակիցներուն ձեռք երկարել, անոնց նեղութիւններն ու դժուարութիւնները թեթեւցնել ու մեղմացնել է:
Իրար օգնելու, իրարու օգտակար, գործնական տեղեկութիւններ փոխանցելու, իրարու ուղղութիւն ու ճանապարհ ցոյց տալու օրինակներու ամէնօրեայ տարափի ականատես ըլլալու հաճոյքը կարելի է վայելել՝ համացանցի վրայ հետեւելով «ԱՐՄԱԿԱԴ» անունով փոխանցուող հաղորդումներուն, որոնք երիտասարդ թէ տարեց հայ ուսանողներու եւ ակադեմականներու կողմէ կը հրապարակուին: Այս հաղորդումները ընթերցելով կը զգաք, թէ անոնց հեղինակները կ՛ուզեն պարզապէս օգտակար ըլլալ իրենց ազգակիցին՝ զայն հասու դարձնելով օգտակար տեղեկութեանց, որոնք կրնան կրթաթոշակի հասցէ ըլլալ, կրնան նոր գործի ու պաշտօնի հրաւէրներ ըլլալ, կամ՝ համաժողովներու ու հետաքրքրական դասախօսութիւններու յայտարարութիւններ: Այս ցանցը հիմնուած է Երեւանի մէջ, «Խաչիկ Գէորգեան» համալսարանի երիտասարդ դասախօսի մը կողմէ, սակայն արդէն իսկ ընդգրկած է այնպիսի լայն շրջանակ մը, որ այսօր աշխարհի գրեթէ ամէն անկիւն, ո՛ւր շահեկան տեղեկութիւն մը կայ, կը յայտնաբերուի ու կը փոխանցուի բոլոր անդամներուն: Անդամակցութիւնն ալ բաց է եւ կը քաջալերենք, որ ակադեմական հետաքրքրութիւն ունեցող ոեւէ հայորդի միանայ այս ցանցին՝ դառնալով օգնող եւ օգտուող:
«ԱՐՄԱԿԱԴ»ի կայքէջը կրնայ ոեւէ հետաքրքրուողի առաջին կայանը ըլլալ: Անոր հասցէն է՝ www.ARMACAD.org, կայքէջ, որ հայերու անմիաբան ըլլալու առասպելը քանդող մէկ այլ ապացոյց է: