ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Կիրակի, Մայիս 2ին, տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայ ուսանողներու տարեկան խորհրդաժողովին երկրորդը, Քինկսթըն քաղաքի «Հոլիտէյ Ինն» հիւրանոցէն ներս։
Խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան կողմէ եւ հրաւիրած՝ Հայ ուսանողական միութիւններ Գանատայի զանազան շրջաններէ։
Խորհրդաժողովին բացման խօսքը կատարեց «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան անդամ եւ խորհրդաժողովի հանդիսավար Տանիել Օհանեան։ Անդրադառնալով Գանատայի հայ ուսանողի մարտահրաւէրներուն՝ ան ըսաւ, որ զանոնք յաղթահարելու լաւագոյն ձեւը իրար հետ աշխատակցիլն է։ Խորհրդաժողովին առաջին դասախօսը Քինկսթըն քաղաքի երեսփոխան եւ Գանատայի խորհրդարանի նախագահ Փիթըր Միլիքընն էր։ Ան նախ շնորհաւորեց կազմակերպիչ միութիւնը, որ կարցաւ համախմբել Գանատայի զանազան վայրերէ հայ ուսանողներ։ Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ երիտասարդ ուսանողներ մեծ ներդրում կրնան ունենալ քաղաքական կեանքին մէջ եւ պէտք է հետաքրքրուին Գանատայի քաղաքական անցուդարձերով։
Ապա, ներկայացուցիչները զեկուցեցին իրենց միութիւններուն տարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին։ Երկրորդ դասախօսը «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան ատենապետ Գէորգ Գազանճեանն էր։ Ան դասախօսեց հայ ուսանողի դերին մասին՝ հայապահպանման եւ Հայ Դատի ծիրէն ներս։
Խորհրդաժողովի վերջին հանգրուանին մասնակցողները բաժնուեցան չորս խումբերու, եւ ամէն մէկ խումբ արծարծեց գանատահայ ուսանողին ու ուսանողական միութիւններու դժուարութիւններէն մէկը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.