ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան», «Հայերն Այսօր».- Ըստ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան փոխանցած մէկ տեղեկութեան, Մայիս 5ին նախարարի տեղակալ Ստեփան Պետրոսեան մասնակցած է Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղի միջնակարգ դպրոցին մէջ կայացած հանդիսաւոր ձեռնարկին: Պետական պիւտճէի եւ գանատահայ բարերարներու միջոցներով հիմնանորոգուած դպրոցը անուանակոչուած է յայտնի հասարակական-պետական գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի, իսկ դպրոցի հանդիսութիւններու սրահը եւ գրադարանը՝ համապատասխանաբար Լեւոն Շանթի եւ Համաստեղի անուններով:
Հանդիսութեան ներկայ եղած են ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, Արագածոտնի մարզպետ Սարգիս Սահակեան, Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Լիլիթ Գալստեան, Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան եւ այլք: Ներկայ եղած է նաեւ դպրոցի գանատահայ բարերար, Գանատայի Հայ օգնութեան միութեան վարժարանի տնօրէն Մարգար Շարապխանեանը:
Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ս. Պետրոսեան շնորհաւորած է ուրախալի իրադարձութեան առթիւ եւ կարեւոր համարած է յստակ գործով հայրենիքին իրենց նուիրուածութիւնը ապացուցելու սփիւռքահայերուն նախաձեռնութիւնը՝ զայն համարելով նոր որակ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան բնագաւառին մէջ:
Այնուհետեւ Ս. Պետրոսեան ներկայացուցած է սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական խօսքը, ուր նախարարը ողջունած էր Ուշիի դպրոցին վերանորոգումը եւ յատկապէս շեշտած է Մարգար եւ Էլիզ Շարապխանեաններու ունեցած վաստակը: «Յարգանքի եւ մեծարման են արժանի հայապահպանութեան, Սփիւռքում հայ մանուկներին հայեցի կրթելու, դաստիարակելու շնորհակալ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած Աստծուց կոչուածի ուսուցիչները», ըսուած էր նախարարի շնորհաւորական խօսքին մէջ:
Ս. Պետրոսեան դպրոցի գրադարանին նուիրած է սփիւռքի նախարարութեան հրատարակութիւններէն փունջ մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.