ՇԻՔԱԿՕ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 30ին, Խաժակ արք. Պարսամեան, վեցերորդ անգամն ըլլալով վերընտրուեցաւ առաջնորդ Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Էջմիածնայ Արեւելեան թեմի:
Վերընտրութեան յայտարարութենէն ետք, եկեղեցական դասը ժողովականները առաջնորդեց ժողովասրահ, ուր ներկաները յոտնկայս դիմաւորեցին նորընտիր առաջնորդը:
Իր պատգամին մէջ, արք. Պարսամեան շեշտը դրաւ երիտասարդներու պատրաստութեան վրայ, որպէսի անոնք յետագային կարենան եկեղեցւոյ շուրջ պատասխանատու գործունէութիւն ստանձնել:
Ան ակնարկելով իր 40 տարիներու եբրեւ վարդապետ հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան՝ իր
երախտագիտութիւնը յայտնեց ընձեռուած այդ առիթին համար:
Նշենք, որ այս տարի Խաժակ արք. Պարսամեանի առաջին անգամ Արեւելեան թեմի առաջնորդ ընտրուելուն 20ամեակն է. այս առիթով առաջնորդը վերանորոգեց իր խոստումը Միացեալ Նահանգներու տարածքին Հայաստանեաց եկեղեցին վերակազմակերպելու եւ հզօրացնելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.