
Լոս Անճելըս գաւառի տարեկան 60րդ գիտական մրցանքի կազմակերպիչները կը հաղորդեն, թէ շրջանի պետական եւ հայկական վարժարաններէն մրցանքին մասնակցած հետեւեալ հայ աշակերտները յատկանշական յաջողութիւններ արձանագրած են տարբեր մարզերու մէջ.
– Նարեկ Շիրաճեան («Մերտինեան»էն), Ճորճ Խապպազ եւ Կրէյս Խանլեան («Յովսէփեան») եւ Ալեքս Պատաուի («Մեսրոպեան») առաջնութիւններ խլած են.
– Միքայէլ Մաթոսեան եւ Մարք Մաթոսեան («Մանուկեան-Տեմիրճեան»), Ռիչըրտ Աղաճանեան («Մեսրոպեան»), Խաժակ Պոռնազեան («Ալէք Փիլիպոս») երկրորդ հանդիսացած են.
– Լուք Աղաճանեան («Մեսրոպեան»), Էլան Պեկեան («Շամլեան») եւ Օննիկ Ասքիքեան («Արշակ Տիգրանեան») երրորդ հանդիսացած են.
– Ճորճ Խապպազ, Լենա Սարգիսեան եւ Լոռի Ճիկէրեան («Յովսէփեան»), Վալենթինա Սարաֆեան («Մանուկեան-Տեմիրճեան»), Գառնի Պապիկեան, Ալին Պապայեան եւ Լալա Գասպարեան («Շամլեան»), Արեն Քիւրքճեան, Շանթ Գէորգ, Պերճ Չորլեան, Սեւան Յովհաննիսեան ու Նաթալի Շահպոլ («Ֆերահեան»), Մորիս Սարաֆեան («Արշակ Տիգրանեան») պատուոյ յիշատակութեան արժանացած են:
Նաեւ, յատուկ մրցանակներ շահած են՝ Արա Կիւզէլեան («Ալէք Փիլիպոս»), Միքայէլ Մաթոսեան («Մանուկեան-Տեմիրճեան»), Լուք Աղաճանեան, Վանիկ Փիլիկեան ու Էնտրու Տէրեան («Մեսրոպեան»), Արեգ Յարթենեան («Շամլեան»), Օննիկ Ասքիքեան («Արշակ Տիգրանեան»), իսկ Դաւիթ Աղտաշեան («Ռիպեթ») երկու յատուկ մրցանակ շահած է:
Նաեւ, Ամերիկեան հիւլէական ընկերակցութիւնը յատուկ մրցանակ մը շնորհած է «Ռիպեթ» վարժարանի գիտութեան ուսուցիչ Ճան Սիրաճեանին:
Անոնք, որոնք առաջին, երկրորդ կամ երրորդ հանդիսացած են, պիտի մասնակցին նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային գիտական մրցանքին: