
Շաբաթ, Ապրիլ 24ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցէն ետք, «Էլ Ռէյ» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած տարեկան երկրորդ երգահանդէսը՝ «Silence the Lies. Rock the Truth» խորագիրով, ամբողջութեամբ լեցուն սրահի մը առջեւ եւ մասնակցութեամբ շարք մը նուագախումբերու, արուեստագէտներու եւ համայնքային ղեկավարներու:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴին, ՀԲԸՄԻ, «Սըրճիքըլ Սթրայք» ընկերութեան, «Alpha Gamma Alpha Sorority»ի եւ «Knoup Presents»ի համագործակցութեամբ:
Աւելի քան 700 ներկաներու առջեւ ելոյթ ունեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ եւ KPFK-ի հաղորդավար Ճէյմզ Լեֆըրթի, շեշտելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին կարեւորութիւնը, միաժամանակ դատապարտելով զայն ուրանալու համար տարուող աշխատանքները՝ զանոնք «անբարոյական» որակելով:
Ելոյթ ունեցող խումբերն էին՝ «Viza», «Element», «Dirt Diamond» եւ «Rapper R-Mean», իսկ ձեռնարկէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀՕՄի Հայաստանի ու Արցախի որբերու ծրագիրին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի «Թռչնոց բոյն» որբանոցին: