ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակի համագաղութային յանձնախումբին, տեղի ունեցան ոգեկոչական ձեռնարկներ՝ մասնակցութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Յովհաննէս, Օգլընտի Ս. Վարդան, Քուփըրթինոյի Ս. Անդրէաս հայց. առաքելական եկեղեցիներու ու գաղութիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու ու միութիւններու:
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Կիրակի, Ապրիլ 18ին, յետմիջօրէի ժամը 3ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Mt. Davidson-ի Հայկական Ցեղասպանութեան խաչ-յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի արի-արենոյշներու դրօշակի արարողութիւն՝ ընկերակցութեամբ ամերիկեան ու հայկական քայլերգներու երաժշտութեան. ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին՝ կատարումով շրջանի եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերուն, ու ներկայութեամբ շուրջ 300 հայորդիներու, որոնք եկած էին յարգելու յիշատակը թուրք եաթաղանին զոհ գացած հայերուն:
Երիտասարդական ձեռնարկին, օրուան պատշաճ խօսքերով բացումը կատարեց հանդիսավարուհի Ռոզ Նեմեթ. յաջորդաբար խօսք առին Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, Հայ երիտասարդական եկեղեցական կազմակերպութեան, Հայկական ոգեկոչական յանձնախումբի, Հայկական համագումարի եւ «Տարֆուր»ի համախմբումի ներկայացուցիչները, որոնք մասնաւորաբար անդրադարձան Հայկական ու «Տարֆուր»ի ցեղասպանութիւններուն ու պահանջատիրութեան: Վերոյիշեալ երիտասարդական կազմակերպութիւնները, միութիւններու ներկայացուցիչները, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի աշակերտութիւնը, ՀՄԸՄի սկաուտներն ու արենոյշները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, ապա ներկայ ժողովուրդը, երկիւղածութեամբ ու աղօթքներով նոյնպէս ծաղիկներ զետեղեց:
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Երեքշաբթի, Ապրիլ 20ին, Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ բանաձեւ մը վաւերացուց եւ Ապրիլ 24ը Հայկական Ցեղասպանութեան Օր հռչակեց: Մաթօ Սենեքերիմեան, որ կը ներկայացնէր Ծովածոցի Հայ Դատի յանձնախումբը, գնահատեց եւ շնորհաւորեց քաղաքապետական խորհուրդի անդամները՝ ըսելով. «Շնորհակալ ենք, որ անգամ մը եւս քաջաբար նեցուկ կանգնեցաք Ցեղասպանութեան իրականութեան, ու յարգեցիք յիշատակը 1.5 միլիոն նահատակներուն: Ընդունելով այս որոշումը՝ կը յուսանք, որ մեր ընտրեալ պաշտօնակատարները Ուաշինկթընի մէջ կը յարգեն իրենց խոստումը՝ վերջ տալով Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան ու արդարօրէն ընդունելով 1915ի ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն»:
Բանաձեւը, որ ներկայացուեցաւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Sean Elsbernd-ի կողմէ, ոչ միայն կը յիշատակէ Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակը ու կը յարգէ վերապրողները, այլ նաեւ պահանջ կը ներկայացնէ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն, ծերակուտականներուն ու նախագահ Օպամային, պաշտօնապէս ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ
ԹԱՏԵՐԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
Ուրբաթ, Ապրիլ 23ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի ունեցաւ երաժշտական թատերգութիւն մը «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանին, նուիրուած Ցեղասպանութեան 95ամեակին եւ վարժարանի հիմնադրութեան 30ամեակին: Հեղինակութեամբ ու ղեկավարութեամբ ԳԶՎ վարժարանի ուսուցչուհիներէն բազմատաղանդ արուեստագիտուհի Նուշիկ Միքայէլեանի, երաժշտութիւն եւ երգերու գործիքաւորումով Աւետիս Բերբերեանի, եւ դերակատարութեամբ ԳԶՎի 5րդ, 6րդ, 7րդ ու 8րդ կարգի աշակերտ-աշակերտուհիներուն, թատերգութեան ներկայացումը վայելեցին հոգեւոր հայրեր, ծնողներ, 300է աւելի ներկաներ:
Թատերա-երաժշտական արուեստի այս ծաւալուն գործին մէջ ներգրաւուած էին մեր գրականութեան մեծանուն արժէքներէն՝ Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն Պատարագ»էն, Ռաֆֆիի «Կայծեր» վէպէն եւ Մուշեղ Գալշոյեանի պատմուածքներէն հատուածներ. նոյնպէս թատերգութեան մէջ ընդգրկուած էր ինչպէս Կոմիտասի, այնպէս ալ մեր հայրենասիրական երգերէն փունջ մը:
Մեծապէս գնահատուած այս գեղարուեստական երաժշտախառն երեկոն, զգայացունց գաղթականական տեսարաններով փոխադրեց ներկաները դէպի 1915 թուական՝ ջարդ, աքսոր, ֆետայական շարժում, ապա հասնելով մինչեւ, Սփիւռք, հայրենիք ու 2010 թուականը:
Այս մեծ գործին առանձնաբար պիտի անդրադառնանք հետագային՝ հեղինակին հետ հարցազրոյցով մը:
ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ GOLDEN GATE
ԿԱՄՈՒՐæԻՆ ՎՐԱՅ
Շաբաթ Ապրիլ 24ին, յետմիջօրէին ժամը 12էն 1, Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած քայլարշաւը տեղի ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Golden Gate կամուրջին վրայ, 3 մղոն երթուդարձով՝ առաջնորդութեամբ շրջանի հոգեւոր հայրերուն ու քաղաքական պատասխանատուներուն, նաեւ շուրջ 500ի հասնող հայ եւ օտար բարեկամներու մասնակցութեամբ. քայլարշաւին մասնակցողները կը կրէին ամերիկեան ու հայկական դրօշակներ՝ գրաւելով հազարաւոր ինքնաշարժերով անցնող ժողովուրդին ուշադրութիւնը. կամուրջին սկիզբը զետեղուած էր կրպակ մը, ուր հետաքրքուողներուն կը բաժնուէր զանազան թերթիկներ ու տեղեկութիւններ Ցեղասպանութեան մասին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ
ՁԵՌՆԱՐԿ
Կազմակերպութեամբ Ծովածոցի Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչական յանձնախումբին, Շաբաթ Ապրիլ 24ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 95ամեակին նուիրուած քաղաքական ձեռնարկ, Սան Ֆրանսիսքոյի «St. Ignatius» եկեղեցւոյ մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութի հոգեւոր հայրերը, Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Կեւըն Նիւսըմ, հայ եւ ամերիկացի քաղաքական ներկայացուցիչներ, շրջանի մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ցեղասպանութենէն վերապրողներ՝ Թագուհի Քէշիշեան (96 տարեկան, Ատանայէն) ու Մկրտիչ Սահակեան (90 տարեկան, Կարսէն), նաեւ շուրջ 800 հայեր եւ ամերիկացի հիւրեր, բարեկամներ:
Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄի արի-արենոյշներու դրօշակի արարողութեամբ ու ամերիկեան եւ հայկական օրհներգներու կատարումով: Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ ու հանդիսութիւնը վարեց ԳԶՎ վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանը. ան իր խօսքերուն մէջ մասնաւորաբար անդրադարձաւ Հայկական Ցեղասպանութեան, անոր հետեւանքներուն եւ թուրք պետութեան վարած ուրացման քաղաքականութեան:
Ձեռնարկի ընթացքին, 1915ի Ցեղասպանութեան զոհերուն իր յարգանքի տուրքը մատուցեց ու զօրակցական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Նիւսըմ, որ իր խօսքի վերջաւորութեան, քաղաքապետարանին անունով հռչակագիրը ներկայացուց՝ խոստանալով իր մշտական նեցուկը հայ ժողովուրդին ու Հայ Դատի աշխատանքներուն:
Քաղաքական ակնարկներով ելոյթներ ունեցան ու հռչակագիրներ ներկայացուցին Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Ճօ Սիմիթեան եւ քոնկրեսական Ճեքի Սփիր. նաեւ ելոյթ ունեցաւ Ծովածոցի «Տարֆուր»ի համախմբումի ներկայացուցիչներէն Սթեֆան ՄըքՆիլ:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ Արամ Համբարեանը. ան ընդհանուր ակնարկ մը ընելէ ետք հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին, շարունակեց ըսելով. «Երբ կը խօսինք թրքական ժխտումի մասին, ընդհանրապէս կը հասկնանք՝ «իրականութեան ժխտում», «փաստերու մերժում» եւ «պատմութեան աղաւաղում»: Այս հասկացողութիւնները ճիշդ ըլլալով հանդերձ, կը մնան դերի ու անընդունելի, քանի որ Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ աղաւաղումը նաեւ կը նսեմացնէ մեր ազգային ինքնութիւնը, կ՛արհամարէ մեր զոհերուն յիշատակը եւ կը կեղծէ մեր պատմութիւնը: Թրքական դրժումի քաղաքականութիւնը ի վերջոյ կը վտանգէ Հայաստանի անկախ ապագան եւ հայ ազգի գոյատեւման երաշխիքը: Մեր ազգային գոյատեւման հիմնական պայմանները պէտք է վերադարձուին եւ հատուցուին մեր ժողովուրդին, իբրեւ աշխարհագրական, տնտեսական, մշակութային, երկրագործական, հաղորդակցութեան եւ ապահովութեան կռուաններ»:
Համբարեան, ապա, մասնաւորապէս շեշտը դնելով հայ ժողովուրդի պահանջներուն վրայ՝ ըսաւ. «Մեր պահանջատիրութիւնը հիմնուած է իրաւական սկզբունքներու վրայ, որոնք կը պահանջեն ընդունիլ գործուած սխալները եւ անիրաւութիւնները մեր ժողովուրդին հանդէպ. վերադարձնել այն, ինչ խլուեցաւ մեր ժողովուրդէն՝ ծրագրուած ցեղասպանութեամբ, եւ հաստատել ապագայի ապահովութեան տուեալները Հայաստանի համար»:
Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԳԶՎ վարժարանի աշակերտները արտասանութեամբ եւ երգով, ղեկավարութեամբ Նուշիկ Միքայէլեանի: Հայրենի երգչուհի Սեդա Գիզիրեան ելոյթ ունեցաւ 2 երգերով՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Նայիրի Սարգիսի: Իսկ ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Սթելլա Կոստանեանը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Տաթեւ քհնյ. Կոստանեանի մաղթանքի խօսքերով ու աղօթքով: