Վերջերս «Համազգային»ի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն (Պէյրութ) լոյս տեսաւ ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներու հրատարակութեանց շարքէն «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար»ի Զ. հատորը՝ խմբագրութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի: Հատորի տպագրութիւնը իրականացաւ «Փիւնիկ» հիմնադրամին միջոցով:
Հատորը կ՛ընդգրկէ 1909 բախտորոշ տարուան արխիւներ, ներառեալ՝ ՀՅ Դաշնակցութեան 5րդ Ընդհանուր ժողովին առնչուող նիւթեր՝ ատենագրութիւններ, նամակներ, տեղեկագիրներ եւ այլն, ինչպէս նաեւ Ատանայի եղեռնի եւ Իթթիհատ վէ Թերաքքի կուսակցութեան հետ յարաբերութեանց առնչուող փաստաթուղթեր եւ կազմակերպական շրջաններու տեղեկագիրներ ու նամակներ: Մէկ խօսքով՝ մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան համար այս կարեւոր հանգրուանին առնչուող բազմատասնեակ արխիւային նիւթեր կը բովանդակէ, նախորդներուն նման՝ այս հատորը եւս:
«Նիւթեր»ու Զ. հատորը կը բաղկանայ 18 գլուխներէ, 559 էջ, եւ կը սկսի Ե. Ընդհանուր ժողովին առնչուող նամակներով, նիստերու ատենագրութիւններով, որոշումներով ու յայտարարագիրով: Երկրորդ եւ երրորդ գլուխները յատկացուած են Արեւելեան եւ Արեւմտեան բիւրոներուն, Պոլսոյ պատասխանատու մարմնին, իրենց տեղեկագիրներուն, շրջաբերականներուն, ինչպէս նաեւ օրուան կացութեան առնչուող նամակներու, օրինակի համար՝ Զապէլ Եսայեանէն, Գրիգոր Զօհրապէն եւ այլն:
Չորրորդ գլուխը ամբողջութեամբ յատկացուած է Օսմանեան սահմանադրութեան առնչուող նիւթերուն՝ 42 փաստաթուղթեր, ներառեալ՝ ՀՅԴի եւ Իթթիհատի շրջաբերականը, հայերէնով եւ օսմաներէն բնագրով:
Յաջորդ գլուխը կը բովանդակէ 18 փաստաթուղթեր, որոնք ամբողջութեամբ կը վերաբերին Ատանայի եղեռնին:
Կը յաջորդեն ՀՅԴ կազմակերպական շրջաններու տեղեկագիրները՝ յարակից նամակներով, շրջաբերականներով եւ այլ նիւթերով: Հատորի վերջաւորութեան տրուած են անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը: Տեղին է ընդգծել, որ այս բոլոր արխիւային նիւթերուն մէջ նշուած աշխարհագրական թէ անձերու ծածկանուններու բուն անունները եւ բացատրութիւնները հատորի խմբագիրին կողմէ տրուած են տողատակի նշումներով: Այս ձեւով ալ, փաստօրէն, արխիւները օգտագործելի վիճակի մէջ ներկայացուած են ուսումնասիրողներուն կամ ընթերցողներուն:
Յիշեցնենք, որ երկու տարի առաջ լոյս տեսած էր այս շարքի Ե. հատորը (դարձեալ՝ Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ), որ կը բովանդակէր Դ. Ընդհանուր ժողովին առնչուող փաստաթուղթեր՝ տեղեկագիրներ, դատական թղթածրարներ, նամակներ, շրջաբերականներ, որոշումներ եւ այլն:
Արխիւներու հրատարակութեան աշխատանքը կը շարունակուի եւ արդէն իսկ պատրաստութեան ընթացքի մէջ է Է. հատորը: Շարքը կը հրատարակուի ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով:
Արխիւային նիւթերու այս հատորէն օրինակներ ստանալու համար կարելի է դիմել ցրուումի կեդրոն՝ հետեւեալ հասցէով.
Hamazkayin Library,
P.O.Box 80-1096
Bourj-Hammood, LEBANON կամ imphamaz@inco.com.lb էլեքտրոնիք հասցէով: Կարելի է նաեւ այցելել «Համազգային»ի տպարանին կայքէջը հետեւեալ հասցէով. www.hamazkayin-bookstore.com
Կապ.- ՀՅԴ Արխիւներու հիմնարկ, Վաչէ Բրուտեան, (323) 726-9931:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.