ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ
Ապրիլեան Այս Օրերուն…
Ապրիլեան Եղեռնին յիշատակը մեր պատմութեան մէջ սեւ ու ահաւոր ժամանակահատուած մը չէ միայն, այլ հայ ժողովուրդին գոյութիւնը երաշխաւորող եւ հաստատող անհրաժեշտ թուական:
Թուրքը 1915ի Ցեղասպանութեամբ փորձեց հայութիւնը ոչնչացնել: Այսօր եւս, Հայաստանի ու Սփիւռքի տարբեր մասնիկներուն մէջ տարակարծութիւն ստեղծելով՝ կը փորձէ պառակտել հայ ժողովուրդին ուժերը՝ վտանգելով հայ ժողովուրդին միասնութիւնն ու ազգային ինքնութիւնը:
Ուստի…
Խիստ կարեւոր է, որ հայ ժողովուրդը (թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ) գիտակցի միասնականութեան կարեւորութեան, եւ թրքական նորանոր թակարդներէն հեռու մնայ:
Իսկ դո՛ւք՝ դաշնակցական պատանիներ, ինչպէս միշտ, այս օրերուն եւս աչալուրջ պէտք է ըլլաք եւ մօտէն հետեւիք Հայ Դատի գործունէութեան: Ի վերջոյ, դուք պիտի ըլլաք ապագայի ղեկավարներն ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանները:
Ինչպէս Եղիշէ Չարենց կ՛ըսէ. «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միա՛կ փրկութիւնը, քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
Ուրեմն, մէկ կողմ դնենք օտար շահեր ապահովող «ազգային խնդիրներ» եւ միասնական ու հաւաքական աշխատանքներով բարձր պահենք հայ ժողովուրդին ընդհանուր շահերը, մեր նախնիներու թափուած արիւնը, ու ամենակարեւորը՝ լծուինք մեր հայրենիքի գոյատեւումը պահպանելու սուրբ գործին:
Դաշնակցական պատանին բարոյական պարտականութիւն ունի իր ուսերուն վրայ: Դուք պէ՛տք է դառնաք մեր նախնիներու արժանի ժառանգորդները, պարտաւո՛ր էք յարգել անոնց թանկագին յիշատակը, պարտաւո՛ր էք ըլլալ աշխատունակ ու նուիրուած հայ ազգի նպատակներու իրականացման, նուիրուած հայրենիքի պահպանման սուրբ գործին, եւ Դաշնակցութեան ու համայն հայութեան նպատակներու իրականացման ռահվիրաներ:
ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
———————————————————————————————————————————————————————
ՀՅԴ Հիմնադիրներ
ԹՈՐՈՍ ՔԷՉԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ հիմնադիր Երրորդութեան՝ Քրիստափոր, Ռոստոմ եւ Զաւարեանի, ունեցած դերն ու հմայքը առանձին տեղ կը գրաւեն ՀՅԴ կերտման ու գործունէութեան մէջ: Սակայն պէտք է ըսել նաեւ, թէ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան մասնակից դարձած են հայրենասէր գաղափարական խումբ մը այլ երիտասարդներ, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով բաժին բերած են ՀՅԴ հիմնադրութեան մէջ, անոնք էին՝
– Մարտիկ Շաթիրեան. Ծնած 1867ին, Ալեքսանդրապոլիս: Նախնական ուսում ստանալէ ետք, յաճախած է Մոսկուայի Գիւղատնտեսական ճեմարանը, ուր մտերմացած է Զաւարեանի, Ռոստոմի եւ Քրիստափորի հետ: Շաթիրեան մասնակցութիւն բերած է ուսանողական շարժումներու: Ապա Դաշնակցութեան նորաստեղծ մարմինին կողմէ ուղարկուած է Ալեքսանդրապոլիս եւ Կարսի շրջանները՝ դաշնակցական խումբեր կազմելու եւ Կուկունեանի արշաւանքին աջակցելու համար: Այդ երկու շրջաններուն մէջ հիմնած է խումբեր, որոնք դարձած են Դաշնակցութեան առաջին կազմակերպական կառոյցները:
Աւելի ուշ անցած է Պաքու, ուր հեռու մնացած է կուսակցական-կազմակերպական գործերէ: Սակայն, մինչեւ այս ժամանակ, միշտ գործօն մասնակցութիւն բերած է խումբեր կազմելու եւ դէպի երկիր ուղարկելու աշխատանքներուն:
Պաքու հաստատուելէ ետք Դաշնակցութենէն հեռու մնալով՝ ան միշտ նեցուկ կանգնած է Դաշնակցութեան բոլոր ձեռնարկներուն եւ նիւթապէս օժանդակած է անոր: Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրերուն վարած է ելեւմուտի նախարարի օգնականի պաշտօն: Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն տարագրուած է Թաւրիզ: Մեռած է 1940ին:
– Աւետիք Սահակեան. Ծնած է 1865ին, æալալ Օղլի: Նոյնպէս նախնական ուսումէն ետք, յաճախած է Մոսկուայի Գիւղատնտեսական ճեմարանը: Աշակերտական տարեներուն իսկ եղած է յեղափոխական խմբակներու մէջ: Նմանապէս ուսանողական շրջանին մօտէն աշխատած է Քրիստափորի, Զաւարեանի, Շաթիրեանի եւ ուրիշներու հետ: Մասնակցած է ՀՅԴ Բ. Ընդհանուր ժողովին եւ ընտրուած՝ Բիւրոյի անդամ: Այնուհետեւ, մինչեւ կեանքին վերջը մնացած է Դաշնակցութեան ղեկավար դիրքերու վրայ: Իր լուրջ նկարագրին, հասուն ու հանրային խառնուածքին պատճառաւ, լայն համակրանք վայելած է շրջապատին մօտ:
Սահակեան եղած է Հայաստանի հանրապետութեան անդրանիկ խորհուրդի անդամ, ապա խորհրդարանի նախագահ: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, ան բանտարկուած է համայնավարներու կողմէ, ապա ազատուած՝ Փետրուարեան ապստամբութեան շրջանին: Աւելի ուշ անցած է Պարսկաստան, ապա Լիբանան, ուր մահացած 1933ին:
– Բժիշկ Յովհաննէս Մելիքեան. Եղած է նաեւ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն մէկը: Փարիզի մէջ աւարտելէ ետք բժշկական համալսարանը, անցած է Թիֆլիս, ուր զբաղած է բժշկութեամբ: 1890ին մասնակցած է ՀՅԴ հիմնադիր ժողովներուն եւ ընտրուած կեդրոնական վարչութեան անդամ:
Քանի մը տարի ետք, տեղափոխուած է Փարիզ, ուրկէ գործակցած է «Դրօշակ»ի խմբագրութեան: Մասնակցած է նաեւ «Պանք Օթոման»ի տղոց փոխադրութեան գործին:
1900ին ՀՅԴ քարոզչական աշխատանքին թափ տալով՝ հիմնած է «Փրօ Արմէնիա» եւրոպական լրատուութիւն: Աւելի ուշ, կարգ մը տարակարծութիւններու պատճառաւ, հեռացած է հայ կեանքէն:
– Յովհաննէս Իուսուֆեան. Ծնած է Երեւան, 1860ին: Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն ետք եղած է Տրապիզոն, Զաւարեանի ու Արղութեանի հետ: 1892ին, ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով, անցած է Պոլիս իբրեւ ներկայացուցիչ եւ դարձած է Պոլսոյ Դաշնակցութեան հիմնադիրը:
Կարճ ժամանակ մը կ՛աշխատի Ժընեւ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան մէջ: 1896ին կ՛անցնի Ամերիկա, ուր կը մնայ երկու տարի եւ հիմքը կը դնէ Ամերիկայի Դաշնակցութեան: 1898ին, ան կը մասնակցի ՀՅԴ Բ. Ընդհանուր ժողովին, Թիֆլիսի մէջ: Դաշնակցութեան դէմ հալածանքներու պատճառաւ կ՛անցնի Զուիցերիա, եւ հիւանդութեան պատճառաւ կը մահանայ Լօզանի մէջ:
– Յովսէփ Արղութեան. Ծնած է 1863ին, Լոռիի Սանահին գիւղը: Աւարտելէ ետք Թիֆլիսի «Ներսէսեան» վարժարանը, կը զբաղի ուսուցչութեամբ եւ միեւնոյն ժամանակ կը մասնակցի յեղափոխական խումբերու աշխատանքներուն: Ան հիմնադիր կը դառնայ «Երիտասարդ Հայաստան» կազմակերպութեան: 1889ին կ՛անցնի Հայք եւ Տարօն, իբրեւ ուխտաւոր՝ երկրի պայմանները ու յեղափոխական գործունէութեան կարելիութիւնները ուսումնասիրելու:
ՀՅԴ հիմնադրութենէն ետք, Արղութեան կը վերադառնայ երկրէն: Դաշնակցութիւնը արդէն կազմուած է եւ անցած է գործի: 1892ի ՀՅԴ Ա. Ընդհանուր ժողովին մասնակցելէ ետք, ուսումնական գործով կ՛անցնի Թաւրիզ՝ անշուշտ առաւելաբար զբաղուելով յեղափոխական գործունէութեամբ:
Խանասորի արշաւանքին կը ստանձնէ հրամանատարի օգնականի պաշտօն: Քանիցս ձերբակալուած եւ աքսորուած է իր վարած գործունէութեան պատճառով: Այս բոլորով հանդերձ, միշտ ալ շարունակած է յեղափոխական գործունէութիւնը: 1914-15ին եղած է Բիւրոյի եւ հայ կամաւորներու գունդերու կարգադրիչ մարմինի անդամ:
1915ին եղած է կամաւորական գունդի հրամանատար: Ապա, կամաւորական գունդերու լուծումէն ետք անցած է Թիֆլիս եւ շարունակած դաշնակցական գործունէութիւնը:
1918ին Ազգային խորհուրդին կողմէ կ՛ուղարկուի Ղարաբաղ: 1919ին կ՛ընտրուի Հայաստանի խորհրդարանի անդամ: Նոյն ժամանակ կը նշանակուի Հայաստանի դեսպան՝ Թեհրանի մօտ:
Կը մահանայ Փարիզ տարագրութեան մէջ, 1925ին:
– Արամ Արամեան (Աշոտ Թաթուլ). Ծնած է 1870ին, Կարին: Կ՛աւարտէ նախնական ուսումը եւ քարոզչական պաշտօն կը վարէ առաջնորդարանին մէջ:
1890ի ամրան կը գտնուի Թիֆլիս, եւ անմիջապէս ՀՅԴի կազմութենէն ետք կ՛անցնի Կարին, իբրեւ Դաշնակցութեան կոմիտէի անդամ:
1894ին, ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով, Արամ երկիր կը մտնէ Հրայր Դժոխքի խումբին հետ, նպատակ ունենալով կազմակերպել եւ զինել ժողովուրդը ինքնապաշտպանութեան համար: Սակայն 1896ին, Արամեան եւ Հրայր կը ձերբակալուին ու կը տեղափոխուին Կարնայ բանտը: Հրայր կ՛ազատի, բայց Արամ՝ ո՛չ: Բանտին մէջ, հակառակ իր կրած չարչարանքներուն, ան բարձր կը պահէ իր յեղափոխականի կեցուածքը: Կախաղանէն իր վերջին խօսքը կ՛ըլլայ՝ «կեցցէ՛ յեղափոխութիւնը»:
– Խաչատուր Մալումեան (Ակնունի). Ծնած է Մեղրի, 1863ին: Կ՛աւարտէ Թիֆլիսի «Ներսէսեան» դպրոցը: Կ՛աշխատակցի «Մշակ» թերթին: 1890ի վերջը կը ստանձնէ «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը Ժընեւի մէջ:
Քրիստափոր կ՛ապահովէ Մալումեանի աշխատակցութիւնը «Դրօշակ»ին: Այնուհետեւ, Ակնունի կը մտնէ Դաշնակցութեան շարքերը՝ գրաւելով փայլուն տեղ դաշնակցական հրապարակագիրներու, քարոզիչներու շարքին: Կը մասնակցի ՀՅԴ Դ. Ընդհ. ժողովին: 1940-1911 քարոզչական գործով կ՛անցնի Ամերիկա, Եգիպտոս եւ Լիբանան: Կը մասնակցի Սահմանադրութենէն ետք գումարուած Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովներուն: 1914ին ոստիկանութեան հսկողութեան տակ կը հեռացուի Պոլիս, ուր զոհ կը դառնայ Ապրիլեան Մեծ Եղեռնին:
Կային անշուշտ այլ երիտասարդներ, որոնք կու գային հայ ժողովուրդի տարբեր խաւերէն՝ մտաւորական, արհեստավարժ, կղերական, բանուոր…, որոնք իրենց աշխատանքով մաս կազմեցին ՀՅԴ հիմնադրութեան գործունէութեան: Անոնց կարգին էին՝
Կոստանդին Խատիսեան, Աբրահամ Դաստակեան, Արշակ Պարոնեան, Լեւոն Սարգսեան, Վարդգէս Քաջազնունի, Սարգիս Մարգարեան, Ղազախեցի Բանուոր Մեխակ, Օր. Սաթենիկ Մատէնեան, Արշակ Թադէոսեան, Նացանիա Մատինեան, Նիկոլ Մատինեան, Բագրատ վրդ. Թաւաքալեան, Տիգրան Օքոնեան եւ ուրիշներ…
ՀՅԴն ծնունդ առած է հայ ժողովուրդի սիրտէն՝ հայ ժողովուրդի տառապալի իրավիճակը բարելաւելու, եւ ծառայելու համար հայ ժողովուրդին: Այդ իսկ պատճառով կը վայելէ հայ ժողովուրդին անսահման վստահութիւնը:
Դաշնակցութեան հզօրութիւնը կը կայանայ իր գաղափարախօսութեան եւ կազմակերպչական կառոյցներուն մէջ, եւ շնորհիւ իր հաւատաւոր ընկերներուն ու նուիրեալ համակիրներու շրջանակին, կարելի եղած է կազմակերպել գործունեայ հայաշունչ գաղութներ:
Ս. Վրացեան կը գրէ.
«ՀՅԴ հիմնադիրները կեանքով եւ գործով օրինակ պիտի ծառայեցնեն ժողովուրդին: Նրանք թիկունքում չմնացին հանգստաւէտ դիրքի վրայ, այլ անձնազոհութեամբ նետուեցին վտանգաւոր կեանքի ասպարէզ, յեղափոխական փոթորիկների մէջ՝ յաճախ կուրծք տալով անխուսափելի մահուան, եւ ժողովուրդը հետեւեց նրանց հաւատով ու վստահութեամբ, արտադրելով իր ծոցից անհաշիւ հերոսներ ու հերոսական գործեր»:
«ՀՅԴ ուժն ու մեծութիւնը, անսահման ժողովրդականութիւնն ու հմայքը հաստատուած են նրա գաղափարական եւ անձնուէր հիմնադիրների ուժի եւ մեծութեան վրայ: Եւ քանի այդ ոգին կենդանի է, կենդանի կը մնայ եւ Դաշնակցութիւնը»: