
ԵՐԵՒԱՆ.- Արդէն աւանդութիւն դարձած Եղեռնի Տարելիցի նախօրեակին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Նիկոլ Դուման» ուսանողական միութեան կողմէ կազմակերպուած Մատենադարանէն Ծիծեռնակաբերդ երիտասարդական ջահերթը, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ:
Նախքան երթին մեկնարկը, Մատենադարանին առջեւ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը, որուն ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
Դաշնակցական գործիչը յայտնեց, թէ անհրաժեշտ է շարունակել պայքարը հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ, քանի դեռ Հայաստանը դուրս չէ եկած իր արժանապատուութիւնը ոտնահարող «հաշտեցման» գործընթացէն:
«Այսօր եւս հաւաքուել ենք «ո»չի պայքարի տրամաբանութեամբ: Եկել ենք ամբողջ աշխարհին ապացուցելու, որ պատրաստ ենք մինչեւ վերջ պայքարել, քանի հայոց արդար Դատը չի ճանաչուել ամբողջ աշխարհի եւ առաջին հերթին՝ Թուրքիայի կողմից: Մենք պարտք ունենք մեր զոհերի յիշատակի առջեւ, իսկ յիշատակի յարգման ամենալաւ ձեւը կը լինի մեր նպատակներից չշեղուելը, այդ նպատակների համար համախմբուելը՝ որտե՛ղ էլ լինենք: Շարունակենք պայքարը այնքան ժամանակ, քանի դեռ մեր արդար դատը չի հասել իր նպատակին, չի ճանաչուել աշխարհի կողմից եւ չի վերադարձուել մեր կորած հայրենիքը», յայտարարեց Ռուստամեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան վարչութեան անդամ Արթուր Ղազարեան կոչ ըրաւ երիտասարդութեան զգօն ըլլալու, երբե՛ք չնահանջելու սկսած պայքարէն, մինչեւ Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստանի կերտումը:
Ելոյթներէն ետք խորհրդանշական ջահով երիտասարդները այրեցին Թուրքիոյ դրօշը: