ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքի կարծրատիպն է՝ մեզմէ շատերու միտքին մէջ պատկերուած: Խոստովանինք, թէ՝ ոչ, այդ կարծրատիպը փոխուելու հոլովոյթի մը մէջ է այսօր. հոլովոյթ մը, որ սկսաւ խիզախ մարդու մը՝ Հրանդ Տինքի, նահատակութեամբ, եւ շարունակուեցաւ՝ իր սնունդը ստանալով մտաւորական պարկեշտութենէ ու մարդկայնութենէ:
Թուրքին՝ իբրեւ միայն ջարդարարի ու ուրացողի, մեր մէջ ստեղծուած կարծրատիպը, մշակուած ու կաղապարուած է շնորհիւ նոյնինքն թրքական կառավարութեան քարոզչական ու «դաստիարակչական» հետեւողական ճիգերուն: Օրէնքներու ուղղակի կամ անուղղակի ճնշումներու բերումով փոքրամասնութիւններ հալածող, պատմութեան նենգափոխումը նուիրագործող պետութեան ստեղծած խեղդող մթնոլրտն էր, որ պատ մը բարձրացուցած էր մեր եւ թուրք ժողովուրդին միջեւ՝ համատարած թրքական ժխտումի վերաբերմունք սերմանելով ու զայն ամրապնդելով թուրք մարդուն մէջ՝ հանդէպ հայութեան, անոր անցեալին, անոր պատմութեան ու անոր ցաւին:
Այդ պատը արդէն ճեղքուած է:
Այո, դժբախտաբար դեռ ոչ այն չափով կամ այն տարողութեամբ, որ կրնայ հնարաւորութիւն ստեղծել Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ նկատառելի տեղաշարժ յառաջացնելու, յատկապէս՝ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը ընդունելու եւ ատկէ բխող ամբողջ պատասխանատուութեան տէր կանգնելու: Թուրք քաղաքացին, այսօր, այդ պատասխանատուութեան տէր կանգնած կ՛ըլլայ՝ պարզապէս պահանջելով իր պետութենէն, որ միջազգային օրէնքներու ու իրաւական չափանիշներու համաձայն տէր կանգնի հայ ժողովուրդին հանդէպ իր պատասխանատուութեանց, եւ կատարէ այն բոլոր պարտաւորութիւնները, զորս կը ճշդուին համապատասխան ատեաններու կողմէ:
Այսօր այդ գիտակցութեամբ թուրք քաղաքացիներու թիւը տակաւին մատի վրայ կը համրուին՝ լաւագոյն պարագային: Բայց այսօր աւելի յուսադրուած ենք, որ ո՛չ շատ հեռու ապագային, պիտի ունենանք այդ գաղափարով ու համոզումով ղեկավարուող թուրք հարեւան ժողովուրդի զաւակներ: